2016-02-25 14:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը ''Շնորհք մըն է՝ տեսնել աղքատը որ մեր սիրտը կը բախէ''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 25 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ օրուայ խորհրդածութիւնը կատարեց ներշնչուելով Սուրբ Գրային ընթերցումէն՝ ուր կը խօսուի աղքատ Ղազարոսի եւ հարուստ մարդու մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով  Աւետարանի հարուստ մարդուն մասին ըսաւ

թէ ան՝ ինքնիր մէջ փակուած  անձ մըն էր,  չ՝ուներ կ՝կարողութիւնը՝ ինքն իրմէ անդին նայելու,  կը մտածէր միայն իր հարստութեան եւ չէր մտածեր իր մօտ գտնուող անձերուն պահանջներուն։

Սրբազան Հայրը  ապա յարեց՝ թէ Յիսուսն էր որ բախեց հարուստ մարդուն սիրտը՝ աղքատ եւ թշուառ Ղազարոսին միջոցաւ։ Յիսուս ուզեց հարուստ մարդուն սիրտին մէջ մտնել՝ հոն տանելու համար Ողորմութիւնը ։Սակայն Հարուստ մարդը,  իր անձին մէջ փակուած ըլլալուն պատճառաւ, չի տեսաւ  իր անձէն անդին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց հարց տալու՝ թէ մենք քրիստոնեաներս, ինչպիսի՛՞ ճանապարհի վրայ կը գտնուինք , կեանքի կամ խաբկանքի ուղիին վրայ։

Հարց տալու ՝թէ ինչքանո՞վ մեր սիրտերը փակ կը պահենք եւ մեր ուրախութիւնը,  ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ, գործ տեսնելու կամ միայն խօսելու մէջ, մերձաւորին դէմ յանդիման ելլելու  եւ զինքը օգնելու համար եւ ողորմութեան գործեր կատարելու  կամ մեր ուրախութիւնը միայն մեր անձնական ապահովութեան մէջ գտնենք։

Խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզի պարգեւէ  շնորհքը՝ տեսնելու միշտ մեր դրան մօտ գտնուող Ղազարոսները , որոնք կը բախեն մեր սրտերը, շնորհքը՝ մենք մեզմէ վեհանձնութեամբ դուրս ելլելու՝ ողորմութեան կեցուածքով, որպէսզի՝ Աստուծոյ ողորմածութիւնը կարենալ մեր սրտերուն մէջ մտնէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.