2016-02-25 13:21:00

Լոյս տեսաւ ''Սէրը նախքան աշխարհը'' վերտառութեամբ գիրքը։


ֆրանչիսկոս Պապը   այս գիրքին մէջ կը պատասխանէ մանուկներուն. դուք էք իմ յոյսս։

(Ռատիօ Վատիկան) Ինքնատիպ ու միաժամանակ պարզ գիրք մը, որ Ռիցցոլի  հրատարակչատունը ի լոյս ըծայեց համագործակցութեամբ հայր Antonio Spadaro-ի, 25 Փետրուարին, ամերիկացի Յիսուսեան Հայրերու կամքով։

''Սէրը նախքան աշխարհը. Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ մանուկներուն'' վերտառութեամբ հատորը ընթերցողին կը պարզէ ֆրանչիսկոս Պապին սրտի խօսքը ու երկխօսութիւնը մանուկներու աշխարհին հետ։

''Նախքան աշխարհի ստեղծումը, Աստուած կը սիրէր, Աստուած միշտ կը սիրէ։ Աստուած սէր է''։ Այսպէս կը պատասխանէ Հռոմի Պապը Քանատացի Ռիան անունով մանուկին, որ իրեն կը հարցնէ թէ ի՞նչ կ`ընէր Աստուած արարչագործութենէն առաջ։

Նորին Սրբութիւնը  մանուկներուն հետ ունի պարզ ու ջերմ երկխօսութիւն մը, նման սիրալիր հօր մը, որ անոնց կը հաղորդէ իր մտածումը` կեանքի ու հաւատքի մասին, յաճախ  զարմանալի ու անսպասելի բացատրութիւններով։ Ամէնուն յայտնի է ֆրանչիսկոս Պապին սէրը հանդէպ մանուկներուն. ''մանուկ մը տեսնել ապագան տեսնել է'' ըսած է Ան ու նշած է թէ ''երբ մանուկի մը հանդիպի սրտին մէջ կ`արթննայ յոյսը''։ Իր մեծ փափաքներէն մէկն է կարելիութիւն ունենալ հրաշք գործել բուժելու աշխարհի բոլոր մանուկները։

Նորին Սրբութիւնը պատասխաններու ընդմէջէն կը յայտնէ թէ ամէն օր մանուկներու համար կ`աղօթէ, ''ինծի համար շատ հաճելի է ինքզինքս հայր զգալ ու մարդոց միջեւ գտնուիլ'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ  ''շատ լաւ բան է զուարթ ըլլալ''։

Բազմաթիւ մանուկներուն որոնք կը նկարագրեն իրենց ծնողներու անհամաձայնութիւններն ու վիճաբանութիւնները, Նորին Սրբութիւնը կը պատասխանէ թէ ամէնքը կը կռուին մեծն ու փոքրը, եւ նոյնիսկ Պապը, սակայն հարկաւոր է արագ հաշտուիլ, օրը չվերջացած հաշտուիլ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն  կը յայտնէ Տիրոջ իր անսահման համբերութեան ու երկայնամտութեան համար որ միշտ պատրաստ է օգնութեան հասնելու տառատպեալներուն։ Ես ալ շատ պիտի ուզենայի տառապող մարդոց օգնել - ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.