2016-02-25 12:45:00

ʺ25 տարիներս Ռատիովատիկանի մէջʺ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանեան պաշտօնական ձայնասփիւռի (Ռատիովատիկան) ընդհանուր տնօրէն Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի որ յառաջիկայ օրերուն  կ՛աւարտէ իր պաշտօնը, Ռատիովատիկանի իտալական հաղորդումի պատասխանատուին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ իր եւ Յիսուսեան միաբանութեան Ռատիովատիկանի ի սպաս ծառայութեան մասին։ Հայր Լոմպարտի` 25 տարներու ծառայութենէն ետք`  2016-ի  Փետրուար 29-ին  կը թողու Ռատիովատիկանը։ ԱՆոր Վատիկանեան Ձայնասփիւռի կայանին մէջ գործունէութիւնը սկսաւ 1990-ին`  որպէս յայտագիրներու տնօրէն, ապա 2005-ին նշանակուեցաւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն։ Բացի ասկէ 2001-ին Հայր Լոմպարտի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց նաեւ Վատիկանի հեռուստատեսիլի կեդրոնին (CTV) եւ 2006-էն սկսեալ դարձաւ նաեւ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն։ 

''Երբ Ռատիովատիկան կանչուեցայ, ըսաւ հայր Լոմպարտի, ուղղակիօրէն չէի ճանչնար վատիկանեան աշխարհը, այս պաշտօնէն առաջ`  Յիսուսեան միաբանութեան Լոմպարտիա նահանգի պատասխանատու էի եւ տասը տարիներ աշխատեցայ ''Civiltà Cattolica'' Յիսուսեան Միաբանութեան պարբերաթերթին մէջ,  որ ինծի համար լրատուութեան ու հաղորդակցութեան մեծ դպրոց մը հանդիսացաւ։ Բացի մօտէն հետեւելու Հռոմի Պապին գործունէութեան­, ինծի համար ամենէն հրապուրիչ աշխատանքը եղաւ Ռատիովատիկանի գործունէութեան համաշխարհային հորիզոնը ու Ռատիոյի հասարակութեան մեծ միջազգայնացում ունեցող անձնակազմը որ կազմուած է 60 ազգերու պատկան աշխատակիցներէ, իրենց մշակոյթներով, լեզուներով ու այբուբեններով։ Առաջին 15 տարիներու ընթացքին` 1991-2005­, եղայ յայտագիրներու տնօրէն,  անմիջական կապ ունէնալով անձնակազմի բազմաթիւ անձերու հետ։ Պէտք եմ ըսել որ այդ տարիները ինծի համար եղան ամենէն երջանիկ հանգրուանը, ուր կարողացայ լիովին նուիրուիլ Ռատիովատիկանի առաքելութեան, ամէն օր, առանց ընդհատումի։

2001-ին մեծաւորներս ինծի յանձնեցին Վատիկանի հեռուստատեսիլի կեդրոնը և 2005էն սկսեալ Ս﹒ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։ Հայր Borgomeo-ի հրաժարումէն ետք դարձայ նաեւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, այս պաշտօնը սակայն աւելի վարչական երեւոյթ ունէր։

Այս երեք պատասխանատուութիւններով իմ օրս հետեւեալ ձեւով կազմակերպած էի﹒ առաւօտ կանուխ, յետմիջօրէին ու երեկոյեան Ռատիօ կը մնայի։ Կէսօրին Ս﹒ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը` ապա ուշ առաւօտը կը փակէի հեռուստատեսիլի կեդրոնին մէջ։  Ռատիոն կը մնար իմ առաջին ու հիմնական առաքելութիւնս։

Պատասխանելով որո՞նք եղան հաճելի ու տհաճելի պահերը հարցումին Հայր Լոմպարտին պատասխանեց. ''ինծի մեծ ուրախութիւն տուին ունկնդիրներու վկայութիւնները ու անոնց երախտագիտութիւնը մատուցուած ծառայութիւններուն համար։

Ինծի համար ամենամեծ ցաւը եղաւ չկարենալ իրագործել ''hausa'' լեզուով հաղորդումը հիւսիսային Նիճերիոյ քրիստոնեաներուն համար։ Մեծաւորները հակառակ էին  Ռատիոյի ''ընդլայնումին''։

Խօսելով ներկայ հաղորդակցութեանց միջոցներու յեղաշրջումի մասին հայր Լոմպարտին ըսաւ.Վատիկանի մամլոյ բարենորոգումը հարկաւոր դարձաւ և այդ` քաջութեամբ ու պատասխանատու ոգիով կ՛ իրագործուի։ 90-ական տարիներէն աստին Ռատիոն դարձած է լրատուութեան ու խորացումի բազմալեզու ու բազմամշակութային արտադրութիւն, որուն սպասարկութիւնը կը տարածուի ամենէն արդի միջոցներով։ Հետեւաբար ամէն վերանորոգում բարի եկած է։ Սակայն մենք մեզ չխաբենք, հաղորդակցութիւնը սուղի կը նստի ու անոր գորխունէութիւնը միշտ աւելիով պիտի արժէ։ Իմ գնահատումովս վերանորոգումի մարտահրաւէրներէն մէկն է համադրել ու համակարգել Վատիկանի հաղորդակցութեան զանազան մարմինները։

Ըստ ձեզի ի՞նչ ժառանգութիւն կը թողու Ռատիօ Վատիկանի փորձառութիւնը հարցումին Հայր Լոմպարտին ըսաւ﹒ ''ինծի կը թուին երկու ժառանգութիւններ` մշակութային ու մարդկային։ Մշակութային տեսակէտով Ռատիոն իր պատմութեան հոլովոյթին բարգաւաճեց ու պաշտպանեց բազմալեզուանի ու բազմամշակութային հաղորդակցութեան բացառիկ հարստութիւն մը, լաւագոյնս պատշաճեցնելով Հռոմի Պապերու ու Եկեղեցւոյ պատգամը, շնորհիւ բազմաթիւ ու տարբեր մշակոյթներուն, գրեթէ 40 լեզու ու 15 տարբեր այբուբեններ։ Ասիկա յոյժ արժէքաւոր փորձառութիւն մըն է,  եկեղեցական տեսակէտով ճշմարիտ աշխատանոց մը` միութեան զանազանութեան մէջ։ Ռատիօ ապրիլ դպրոց մըն է կաթողիկէ ընդհանրականութեան։ Իմ գնահատումովս պէտք է պահել այս հարստութիւնը և ուրախ եմ որ վերանորոգումը նախատեսած է այս իրականութիւնը։ Հակառակ պարագային տնտեսական խնայողութիւնը աղքատ պիտի դարձնէ Վատիկանի հաղորդակցութիւնը։ Հարկաւոր է աեւ նոր հորիզոններ բանալ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս։

Մարդկային ժառանգութեան մասին խօսելով հայր Լոմպարտին ըսաւ. ''Երբ ես հասայ Ռատիոօ հասարակութիւնը կ՛աշխատէր աւանդական ձեւով`մատնատիպի վրայ, արձանագրութիւնները կը կատարէր ժապաւէնի վրայ, հետզհետէ անցաւ ու տիրապետեց արդի միջոցներու։ Ներկայիս աւելի քան 300 անձեր նուիրումով ու յանձնառումով կ`աշխատին, օրէ օր նոր նուաճումներ կը կատարեն Ս﹒ Աթոռին ի սպաս։ Հարկաւոր է անոնց նեցուկ կանգնիլ ու կարելիին չափով արժէքաւորել։

Դուք եղաք Ռատիովատիկանի վերջին Յիսուսեան տնօրէնը  ինչպէ՞ս կ՛ապրին Յիսուսեանները այս կացութիւնը հարցումին Հայր Լոմպարտին իր գոհունակութիւնը յայտնելով յիշեցուց որ Յիսուսեան միաբանութիւնը 85 տարիներէ ի վեր ներկայ է Ռատիոյի մէջ։ Հռոմի Պապերը սկիզբէն Յիսուսեաններուն վստահեցան Ռատիոյի առաքելութիւնը։ Միաբանակից եղբայրներս մեծ վեհանձնութեամբ և ուրախութեամբ նուիրուեցան, Հռոմի Պապերու ու Եկեղեցւոյ տրամադրելով իրենց լաւագոյն ոյժերը ու իրենց կեանքը։ Անոնց դրամական վարձատրութիւնը նոյնիսկ շատ համեստ եղած է մեծ խնայողութիւններ հասցնելով Ս﹒ Աթոռին։ Հայր Լոմպարտի ապա հաստատեց թէ ''Հաղորդակցութեան վերանորոգումով առաջուայ Ռատիովատիկանը դադրած ըլլալով, Ֆրանչիսկոս Պապը բաղձանք յայտնած է որ Յիսուսեանները շարունակեն իրենց ծառայութիւնը վերանորոգումի հաղորդակցութեան ծիրէն ներս, այս մէկը սակայն կը համադրուի յառաջիկայ օրերուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.