2016-02-24 09:59:00

Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան այցելեց Ռատիօ Վատիկան։


(Ռատիօ Վատիկան) Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս` Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, որ այս օրերուն Հռոմ կը գտնուի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ  Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքին, ու բաժանմունքի գործունէութեան 50 ամեակին առթիւ Ռատիօ Վատիկանի հայական բաժնի գրասենեակին նուիրեց հայկական խաչքար։

Սոյն այցելութեան ընթացքին  առիթ ներկայացաւ Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի հետ զրուցելու Լիբանանու եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին ու յատկապէս գաղթականութեան երեւոյթի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.