2016-02-22 14:06:00

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին կ՛աւարտէ Ռատիովատիկանի տնօրէնի պաշտօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ, ի տես յառաջիկայ օրերուն Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի, ինչպէս նաեւ Ռատիովատիկանի վարչական բաժանմունքի տնօրէն` Տիար Ալպերթօ Կազպարրիի, տարիքի բերումով պաշտօններէն հրաժարումին, Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչը գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ, Սուրբ Աթոռի պետքարտուղարութեան հաւանութեամբ, յառաջիկայ 1 մարտ 2016-էն սկսեալ, Տիար Ճաքոմօ Կիզանին, որ այսօր կը պաշտօնավարէ որպէս վերոնշեալ քարտուղարութեան փոխ տնօրէն, ժամանակաւոր կերպով նշանակուած է որպէս Ռատիովատիկանի օրինական ներկայացուցիչ ու վարչական գրասենեակի պատասխանատու` կառավարելու համար  Ռատիովատիկանի ''սովորական վարչակազմը'' ի տես Վատիկանի Հաղորդակցութեան միջոցներու վերատեսութեան ու վերակազմակերպումի գործընթացին։

Այլ հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապ` անցեալ 27 յունիս 2015-ին ինքնագիր նամակով հաստատեց Հաղորդակցութեան քարտուղարութիւնը որով որոշուեցաւ Վատիկանեան հաղորդակցութեան կառոյցները համախմբել  նոր ու մէկ ''վարչութեան'' ներքոյ այն է ''Հաղորդակցութեան քարտուղարութիւնը'' մինչ վերոնշեալ բարեկարգումներու ենթարկուած հաղորդակցութեան կառոյցներն են. Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու Քահանայապետական խորհուրդը,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Վատիկանի ցանցային ծառայութիւնը, Ռատիօ Վատիկանը, Վատիկանի հեռուստակայանը, Օսսեվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթը, Վատիկանի տպագրատունը, լուսանկարներու ծառայութիւնը, եւ Վատիկանի հրատարակչատունը։

Ընթացիկ տարուայ Յունուար մէկէն սկսեալ Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու Քահանայապետական խորհուրդը եւ  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը արդեն միաւորուած են ըլլայ տնտեսական ըլլայ վարչական գետնի վրայ, իսկ 2016-ի ընթացքին նախատեսուած է միաւորումը Ռատիօ Վատիկանին ու Վատիկանի հեռուստակայանին (Ctv)։

Ինչ կը հայի Ռատիովատիկանին, ներկայ յայտագիրներուն տնօրէնը` Հայր Անտրէյ Մայեվսքի կը մնայ իր պաշտօնին վրայ։

Վերոնշեալ կարգադրութիւններն ու փոփոխութիւններու նպատակն է աւելի պատշաճ ու արդիական լաւագոյն ձեւերով ծառայութիւն մատուցել Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, Սուրբ Աթոռին, ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.