2016-02-21 12:13:00

Գ. Կիրակի Քառասնորդաց, Անառակին


Մեծ Պահքի երրորդ կիրակին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կոչուի «Անառակի Կիրակի»։ Օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը մեզի կը ներկայացնէ «Անառակ Որդիի» առակը, զոր ոմանք իրաւացիօրէն կ’անուանեն նաեւ «Ողորմած Հօր» առակը։ Առակին մէջ բովանդակուած են ապաշխարութեան եւ ներումի խորհուրդները։ Այնտեղ կը ներկայանայ անառակ որդին իբր զղջացող անհատը, որ կապաշխարէ, կը դառնայ հօր՝ վստահելով անոր ողորմածութեան։ Ապա ողորմած հայրը, որ լսելէ առաջ որդւոյն զղջումի խոստովանութիւնը՝ անոր ընդառաջ կ’ելլէ, կ’ողորմի եւ կը ներէ՝ առանց պայմանի։ Երրորդ տիպարը, որուն կը ծանօթանանք առակին մէջ, հաւատարիմ որդին է, որ կը բողոքէ անառակ եղբօր շնորհուած ներումին դէմ։ (Ղուկ ԺԵ. 11-32)

Մեծ Պահքի այս օրերուն «Անառակ Որդիի» առակին պատգամը ուղղուած է իւրաքանչիւր հաւատացեալի։ Քառասնորդացը ժամանակն է ապաշխարութեան եւ դարձի։ Երկնաւոր Հայրը՝ գթալիր եւ ողորմած, աչքը սեւեռած ճանապարհին, յարատեւ կը սպասէ մեր դարձին։ Հայրական սէրը եւ գութը, պէտք է իւրաքանչիւր մեղաւորի վստահութիւն եւ յոյս ներշնչէ՝ ապաշխարելու եւ ներում ստանալու։ Ապաշխարանքը ունի զանազան փուլեր։ Առաջին հանգրուանը՝ մեղաւոր ըլլալու գիտակցութիւնն ու ճանաչումն է. գիտակցիլ՝ թէ մեղանչած եմ եւ հեռացած Աստուծմէ։ Ապա ճանչնալով մեղքերը, անոնց բեռը, անոնց գործած վնասը՝ հոգին կարիքը կը զգայ եւ կը բաղձայ մաքրուելու, խաղաղութիւն ընդունելու, սփոփուելու եւ դարմանուելու։ Հետեւաբար մեղաւորը՝ վստահելով հօր ողորմածութեան եւ գթութեան վրայ, առանց վախի, առանց պահելու յանցանքները՝ որոշում կ’առնէ հօր դառնալու եւ ըսելու՝ «Հայր՝ մեղա՛յ յերկինս՝ եւ առաջի քոյ, ոչ եւս եմ արժանի կոչել որդի քո։» Հայրը միշտ պիտի ներէ, ան միշտ պիտի գթայ եւ որդին պիտի ընդունի իր նախկին պատուին մէջ։

Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներու նամակին ընթերցուածը մեզի կը ներկայացնէ իր օրինակը, որ վայել է Աստուծոյ պաշտօնեային։ Անոր խօսքերը մեզ կը սրտապնդեն մեր սրբացումի եւ կատարելութեան ճանապարհին վրայ. անոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին կրնան ըլլալ արթնութեան կոչ է եւ յորդոր՝ համբերատար ըլլալու նեղութիւններու եւ հալածանքներու մէջ, եւ ապրիլ մեր կեանքը «սրբութեամբ, գիտութեամբ, երկայնմտութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, ճշմարիտ խօսքերով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զէնքերով՝ աջին ու ձախին։» (Բ. Կոր Զ. 4-7)

Թէ Պօղոս առաքեալի համար ի՛նչ են «արդարութեան զէնքերը», կը կարդանք Կորնթացիներու երկրորդ նամակին մէջ՝ «Թէեւ մարմնաւոր ենք, սակայն մարմնաւոր զէնքերով չենք պայքարիր։ Այն զէնքերը, որոնք մեր պայքարին մէջ կը գործածենք, մարմնաւոր չեն. անոնք՝ Աստուծոյ զօրութեամբ ամրոցները կը քանդեն. անոնցմով մենք կը խորտակենք բոլոր հայեցողութիւնները եւ բարձր կառոյցները, որոնք ամբարտաւանութեամբ զԱստուած ճանչնալու դէմ կը ծառանան։ Մենք կը գերեվարենք բոլոր մտքերը՝ զանոնք Քրիստոսի՛ հնազանդեցնելու համար։» (Բ. Կոր Ժ. 3-5) Ապա Եփեսացիներու ուղղած նամակին մէջ առաքեալը կը շարունակէ՝ «Ասոր համար առէք Աստուծոյ զրահը, որպէսզի կարող ըլլաք չարին դիմադրել երբ չարիքի օրը հասնի։ Հաստատուն մնացէք՝ ձեզ գօտեպնդելով ճշմարտութեամբ, հագուելով արդարութեան զրահը, եւ ձեր ոտքերը պատրաստ ըլլան՝ պայքարելու խաղաղութեան աւետարանին համար։ Սակայն, ամենէն աւելի առէք հաւատքի վահանը, որով կարող պիտի ըլլաք չարին շիկացեալ բոլոր նետերը մարել։ Առէք փրկութեան սաղաւարտը եւ հոգւոյ սուրը՝ Աստուծոյ խօսքը։» (Եփես Զ. 13-17)

Որպէսզի հաւատացեալը կարենայ կեանքի պայքարին մէջ յարատեւել եւ յաղթական դուրս գալ, պէտք է «զինուի հաւատքի եւ սիրոյ զրահով, եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտով». (Ա. Թես Ե. 8) պէտք է վստահի «Աստուծոյ զօրութեան». պէտք չէ տարուի օտարոտի հայեցողութիւններով, որոնք հակակրօն եւ անաստուած անհատներէ կու գան. պէտք է իբր զէնք ընդգրկէ «Աստուծոյ խօսքը». պէտք է “արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ” զրահաւորուած հաստատուն մնայ եւ պատրաստ պայքարելու աւետարանին համար։ Ծանօթ է իւրաքանչիւր հաւատացեալի, թէ որքան դժուար դարձած է այս պայքարը ներկայ ժամանակներուն մէջ։

Քառասնորդացի օրերուն, մեր ակնարկը ուշադրութեամբ եւ անկեղծութեամբ, Աստուծոյ լոյսով կը սեւեռենք մեր խղճին վրայ։ Պէտք է հարց տանք՝ «արդեօք ես արժանի՞ տաճար մըն եմ Աստուծոյ»։ Պօղոս առաքեալ հարց կու տայ՝ «Մի իյնաք լուծի տակ անհաւատներուն հետ միասին։ Որովհետեւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն կայ արդարութեան եւ անօրէնութեան միջեւ. կամ ի՞նչ բախդատութիւն լոյսի եւ խաւարի միջեւ. կամ ի՞նչ միութիւն Քրիստոսի եւ բելիարի միջեւ. կամ ի՞նչ նմանութիւն ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ. կամ ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններու միջեւ։ Ապաքէն, դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք։» (Բ. Կոր Զ. 14-16)

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ պիտի ուզէր արժանաւոր տաճար մը ըլլալ, արժանի՝ ընդունելու եւ պահելու զԱստուած սրտին եւ հոգւոյն մէջ։ Զղջացեալ սրտով, վստահելով Հօր Աստուծոյ գթառատ ողորմածութեան վրայ, մեր օրուան շարականի խօսքերով դիմենք Աստուծոյ՝ «Կ’օրհնեմ քեզ անսկիզբ Հայր Միածին Որդւոյդ, զոր առաքեցիր մոլորեալ ոչխարի դարձին համար։ Զիս ալ դարձուր մեղքերէն՝ Քու Որդւոյդ չարչարանքներուն միջոցաւ։ Կը գովեմ քեզ Բան եւ լոյս, որ Քու տիրական պատկերդ՝ Քու ճրագիդ լոյսով գտնելով վերականգնեցիր. զիս ալ՝ մեղքով անկեալս, կանգնէ քու սուրբ չարչարանքներուդ միջոցաւ։ Անառակ որդւոյն հետ միասին կը գոչեմ Քեզի՝ Հայր գթած. մեղանչեցի երկնքի եւ քու առջեւդ՝ Դուն, որ յանցանքներու քաւիչն ես։ Ընդառաջ ել ինծի եւ գրկէ զիս համբոյրով. մաքրէ զիս իմ մեղքերէս։»








All the contents on this site are copyrighted ©.