2016-02-21 09:53:00

21 Փետրուարը «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» է։


21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։

Որոշումը տրուեցաւ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։

Եւ 21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիին նուիրական այս տօնը։

Վերջին տարիներուն նաեւ Հայաստանի մէջ պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ կը նշուի այս Օրը եւ ողջունելի աւանդութիւն դարձած է, որ Հանրապետութեան Նախագահը հանդիսաւորապէս Ողերձ կը նուիրէ Մայրենիի միջազգային օրուան։

Մինչեւ 2000 թուականը միջազգային հանրութիւնը չունէր, ոչ ալ յատուկ շուքով կը տօնէր Մայրենիի Օրը։

Պատճառը աշխարհի տարածքին յամեցող խտրականութեանց եւ հալածանքներու հակաքաղաքակրթական «ժառանգութիւն»ն էր, որուն ամէնէն ահաւոր դրսեւորումներէն էին մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնը։

Յատկապէս քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան կապանքներէն ազատագրուելու քաղաքակրթական դժուարին պայքարին հետ, միջազգային հանրութիւնը բաղկացնող միջակ ու փոքր ազգերն ու ազգային փոքրամասնութիւնները օրհասական կռիւ մղեցին ի խնդիր իրենց մայրենի լեզուին պաշտպանութեան՝ Մայրենիի անհետ կորուստի վտանգին դէմ մաքառելով իրենց բոլոր ուժերով։

Ահա այդ պայքարին արգասիքը եղան «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ուան աշխարհով մէկ հռչակումն ու նուիրագործումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.