2016-02-20 11:14:00

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ կը յորդորէ չռմբակոծել Սուրիոյ մէջ Քիւրտերու դիրքերը


Թուրքիոյ հրետանին կը շարունակէ ռմբակոծել Հալէպի հիւսիսը գտնուող Ազեզ քաղաքին մօտ եւ Աֆրինի մէջ գտնուող քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դիրքերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը իրաւունք ունի իր ժողովուրդը պաշտպանելու իր հողերուն վրայ կատարուելիք ահաբեկչական յարձակումներէն, սակայն աւելցուց. «Մենք յորդորած ենք եւ պիտի շարունակենք յորդորել Թուրքիան չներգրաւուիլ անդրսահմանային ռմբակոծումներու մէջ, ինչպէս նաեւ սահմանին միւս կողմը գտնուող քիւրտ զինեալներուն կոչ կ՛ուղղենք` չդիմելու ապակառուցողական քայլերու»: Ան յորդորեց ուժերը կեդրոնացնել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` ընդգծելով, որ ՏԱՀԵՇ-ը բոլորին «հասարակաց թշնամին է»:

Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ Անգարայի ահաբեկչութեան մեղաւորը ներկայիս «բաց հարց» է: Սպիտակ տունը իր կարգին յայտարարեց, որ իրենք տակաւին չեն բացայայտած, թէ Անգարայի պայթումը որո՛նք իրագործած են:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Քերրի ցաւակցութիւն յայտնած է Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան առնչութեամբ` վերահաստատելով ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարելու յանձնառութիւնը:

Կողմերը քննարկած են վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց. «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հարցով Ուաշինկթընի յայտարարութիւնները հակասական են, եւ ան պէտք է յստակացնէ ահաբեկչութեան նկատմամբ իր կեցուածքը»` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դիմելը տկարութեան նշան է:

«Թուրքիան ազդու կերպով պիտի մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին», յայտարարեց Չաւուշօղլու` նշելով. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի մեզի հետ համամիտ է, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն կարելի չէ վստահիլ»: Թրքական դիւանագիտութեան պետը չմոռցաւ նշել. «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ հիւանդանոցներ ռմբակոծելով պատերազմական ոճիրներ գործեց»:

Թուրքիոյ վարչապետի բանբեր Օսման Սըրթ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ «աշխարհը եւ միջազգային ընտանիքը գիտնայ, թէ Թուրքիան ինչո՛ւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շրջաններ կը ռմբակոծէ»` նշելով. «Մենք ներկայիս հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շրջաններ կը ռմբակոծենք: Միջազգային ընտանիքը մեզմէ կը պահանջէր դադրեցնել ռմբակոծումը, սակայն հիմա կը յուսամ, որ տեսան, թէ ինչո՛ւ ատիկա կ՛ընենք եւ պիտի շարունակենք ընել, որովհետեւ Թուրքիան օրինական իրաւունքը ունի իր անվտանգութիւնն եւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը պաշտպանելու»:

Անդրադառնալով Սուրիա թրքական միջամտութեան կարելիութեան` ան ըսաւ. «Մենք չենք ուզեր ինքնագլուխ որոշում տալ. կը խորհրդակցինք դաշնակիցներուն հետ եւ զանոնք կը յորդորենք պատշաճ միջոցառումներ որդեգրել: Պահանջեցինք եւ պոռացինք աշխարհը թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը կամ ապահով գօտիի մը գոյութեան կարեւորութեան համոզելու համար, իսկ այդ գօտիին հաստատման ուշացումը աւելի սուղ պիտի արժէ»:

«Ամերիկայի հետ յարաբերութիւնները անշուշտ Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր են, եւ այդ մէկը կարելի չէ հերքել», նշեց ան` աւելցնելով. «Ամերիկան պէտք է ընտրանք մը կատարէ (Թուրքիոյ եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ, «Ա.»), եւ անշուշտ պիտի շարունակենք ամերիկացի մեր բարեկամներուն հետ քննարկումը եւ կ՛ակնկալենք, որ անոնք այդ ճշմարտութիւնը տեսնեն, որովհետեւ ամերիկացիները կ՛ըսեն, թէ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ կը պայքարին եւ այդ մէկը մեծ սուտ մըն է»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր կարգին յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ եւ պիտի զգուշացնէ վերջինս սուրիացի քիւրտ զինեալներուն տրամադրուելիք ամերիկեան աջակցութենէն: Ան յայտարարեց, որ իրենք պիտի շարունակեն ռմբակոծել «ահաբեկչական» Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, որ կը փորձէ Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտ հաստատուիլ: «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը փորձեն մեր սահմանին մօտ միջանցք մը ստեղծել, սակայն մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», յայտարարեց Էրտողան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Երկու ղեկավարները կարեւոր նկատած են Սուրիոյ կացութեան կարգաւորումը:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց. «Զրոյցի ընթացքին շահագրգռութիւն յայտնուած է Սուրիոյ ճգնաժամային կացութեան կարգաւորման, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ»:

Բացի ատկէ, ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Փութին հաւաստած է Ռուսիա այցելութիւն կատարելու վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին ուղղուած հրաւէրը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներ ՄԱԿ-ի մէջ ընդլայնուած ժողովի նախօրեակին կը քննարկեն Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման կարելիութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.