2016-02-20 09:00:00

Մոսկուայի Քիլիլ պատրիարքի հանդիպումը Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Որպէս արձագանգ ֆրանչիսկոս Պապի ու Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Քիլրիլ պատրիարքի հանդիպումին` Քուպայի մէջ, Քիրիլ Պատրիարքին հովուական այցելութիւնը Լատինամերիկա կը շարունակուի կաթողիկէ-օրթոտոքս բարեկամութեան լոյսով։

Անցեալ Չորեքշաբթի օր` Քիլրիլ Պատրիարքը հասաւ Չիլէ։ Օդակայանին մէջ բարի գալուստի արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ գերապայծառ ''Bernardo Bastres'' որ բարի գալուստի հակիրճ ուղերձ մը ուղղեց պատրիարքին։ հանդիպումը տեղի ունեցաւ սրտազեղութեան նշանաբանով։

Յայտնենք որ Քիրիլ պատրիարքը Փարակուէյէն մէջ եւս առիթը ունեցաւ հանդիպելու կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն. Ասունսիոնի առաջնորդը գերապայծառ Edmundo Valenzuela` նախագահը եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, ընկերակցութեամբ առաքելական դեսպան գերապայծառ Eliseo A. Ariotti-ին, մասնակցեցան մայրաքաղաքի օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարքին մատուցած ծիսակատարութեան։ Պատարագին աւարտին Կիւրեղ պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Փարակուէյի ժողովուրդին ̦ անցեալ դարուն ցուցաբերած զօրակցութեան ռուս գաղթականներուն նկատմամբ և քաջալերեց ամրապնդել կապերը կաթողիկէներու և օրթոտոքսներու միջեւ։ Ծիսակատարութեան ներկայ գտնուած եպիսկոպոսներուն ապա շնորհեց յիշատակելի մետալ մը որպէս նշան հանդիպումին` համայն կաթողիկէ համայնքին հետ։ Գերապայծառ Valenzuela արտայայտուելով հանդիպումին մասին ըսաւ﹒ ''հանդիպումը եղաւ մեծ  առիթ  մենք մեզ զգալու որպէս եղբայրներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.