2016-02-20 08:40:00

Հրանդ Տինքի անուան ''մամուլի ազատութեան'' Իտալական մրցանակի տուչութեան հանդիսութիւն։


Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ 1 Մարտ 2016-ի յետմիջօրէին, Հռոմի ''Ռիսփոլի'' Մատենադարանի սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հրանդ Տինքի անուան ''մամուլի ազատութեան'' Իտալական մրցանակի տուչութեան 9-րդ հանդիսութիւնը։

''Մամուլի ազատութեան'' Հրանդ Տինք իտալական մրցանակը ամէն տարի կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ այն լրագրողներուն որոնք իրենց գործունէութեամբ սատարեցին ճշմարտութեան ճանաչումին, յատկապէս խօսելով ու պաշտպանելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ու հայկական հարցին առընչուող խնդիրները։

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի որոշումով ''Մամուլի ազատութեան'' Հրանդ Տինք իտալական 2016-ի մրցանակը պիտի շնորհուի երկու լրագրողուհիներու` Ֆրանքա Ճանսոլտաթի եւ Աննա Մացցոնէ։ Առաջինը իտալական ''Իլ Մեսսաճճերօ'' օրաթերթի լրագրողուհի է որ յատուկէն կը զբաղի վատիկանեան հարցերով եւ որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առթիւ հրատարակեց ''Անդարձ երթը. Հայոց ցեղասպանութիւնը'' վերտառութեամբ գիրքը որ արժանացաւ  նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին գնահատումին։ Մինչ Աննա Մացցոնէն, որ կը համագործակցի իտալական տարբեր հաղորդամիջոցներու հետ, 2011-ին իրականացուցած է Արցախի մասին կարեւոր մէկ հետազօտական տեսերիզ մը, ի յայտ դնելով այդ հակամարտութեան իրականութիւնը։

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը վերոնշեալ մրցանակի տուչութեամբ կ՛ուզէ վառ պահել Հրանդ Տինքի յիշատակը անոր նահատակութիւնը նկատելով առիթ վերարժեւորելու լրագրողներու դերը աշխարհի մը մէջ ուր յաճախ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրուած է ու ենթակայ է տնտեսական կամ  քաղաքական շահերու եւ ձգտումներու։ Միւս կողմէ մրցանակը առիթ է վերարծարծելու հայոց ցեղասպանութեան հարցը ու գնահատելու բոլոր անոնք որոնք, իտալական շրջանակէն ներս, թիկունք կը կանգնին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի պայքարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.