2016-02-20 11:06:00

Հարիրի շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը


Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ ինք մնայուն խորհրդակցութեան մէջ է` աւելցնելով, որ ինք Պքերքէ այցելած է իրազեկ դառնալու համար Ռայի պատրիարքին տեսակէտներուն:

Հարիրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով կան երեք հիմնական թեկնածուներ, որոնցմէ մէկը պէտք է նախագահ ընտրել:

«Երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է նախագահական ընտրութիւն կատարել, իսկ մենք պիտի շնորհաւորենք ընտրուող  թեկնածուն: Ոմանք կը նկատեն, թէ նախագահական ընտրութեան մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը իրաւունք է, սակայն այսքան երկար ժամանակի համար ընտրական նիստերը պոյքոթի ենթարկելն ու նախագահական աթոռը թափուր պահելը սահմանադրութեան դաւաճանութիւն է», ըսաւ Հարիրի` շեշտելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պայման է:

Պքերքէի մէջ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.