2016-02-19 09:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը ու միջազգային մամուլը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սահմանի վէրքը'' վերտառութեամբ`  իտալական օրաթերթերը կը մեկնաբանեն ֆրանչիսկոս Պապին Ciudad Juárez-ի մէջ սահմանագիծին մօտ ծաղկեփունջի զետեղումը, այն վայրին մէջ  որ կը յատկանշէ գաղթականներու հարաւէն հիւիս անցքը....։ Այդ քաղաքը շատերուն համար նկատուած է ամէնէն արիւնալի քաղաքը, ուր աւելի քան 950 աւազակախումբեր կը գործեն թմրեցուցիչի առեւտուր կամ մարմնավաճառութիւն կատարելով։

ֆրանսական «Le Monde» օրաթերթը նկարագրելով ֆրանչիսկոս Պապի եզրափակիչ պատարագը նուիրուած բռնութեան զոհերուն կը գրէ. ''եթէ մինչեւ 2010-ին Ciudad Juárez քաղաքը կը համարուէր աշխարհի ամենէն վտանգաւոր քաղաքը, ներկայիս կը թուի հանդարտ` շնորհիւ ոչ-նախայարձակումի դաշնագիրի մը կնքուած պետութեան ու աւազակախումբերու միջեւ։

«Le Figaro» օրաթերթը կը գրէ ֆրանչիսկոս Պապի գերիրապաշտ պատարագով Մեքսիքոյի ու ԱՄՆի սահմանին Հռոմի եպիսկոպոսը համաշխարհային պատգամ մը ուղղեց դատը պաշտպանելով գաղթականներուն իրաւունքին։ «The Wall Street Journal»ը կը գրէ Հռոմի Պապը ուզեց երթալ այն վայրը ուր շատ արիւն թափուած է։

Սպանական «El País» օրաթերթը  մատնանշեց որ այս ճամբորդութեամբ ֆրանչիսկոս Պապը կարողացաւ իր կէտ նպատակին հասնիլ Մեքսիքոն դնել իրականութեան դիմաց։ Իր ամէն մէկ հանգրուանին ի յայտ դրաւ երկրին գլխաւոր խնդիրները﹒ աղքատութիւնը, թմրեցուցիչի առեւտուրի կործանարար հետեւանքը քաղաքացիական ընկերութեան վրայ ու զանգուածային գաղթականութեան զոհերու հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.