2016-02-19 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքի հետեւորդները 27 միլիոն։


(Ռատիօ Վատիկան)   ''Շնորհակալութիւն Մեքսիքոյին եւ բոլոր Մեքսիքացիներուն։  Տէրն ու Կուատալուփէյի Տիրամայրը  թող միշտ ընկերանան ձեզի '' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին թուիթը՝ որով 18 փետրուարին Ան հրաժեշտ առաւ Մեքսիքոյէն ու վերադարձ կատարեց դէպի Հռոմ։

Ինչպէս անցեալ օրերուն եւս Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակուեցան նաեւ Սրբազան Քահանայապետի ՝  Մեքսիքոյի ճամբորդութեան ընթացքին  արտասանած պատգամներէն քաղուած  այլ հատուածներ։

՝՝Մի մոռնաք , որ Աստուծոյ Ողորմութիւնը մեր նիզակն ու զօրութիւնն  է ընդդէմ անարդարութեան, անձկութեան եւ վատթարացման ։

''Արտասուքն է՝ որ կրնայ յառաջացնել  ընդմիջում մը՝  որ կարող է մեզ  մղել ապաշխարութեան''

''Մեքսիքացիներու եղբայրներու կողմէն Ինքզինքս  զգացի  հիւրընկալուած սիրով եւ յոյսով։ Շնորհակալութիւն՝ ձեր կեանքին դռները բանալուն համար''։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին` 9 լեզուներով հրատարակուած  թուիթներու. թուիթերեան կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց 27 միլիոնը։ Առաջին շարքին է սպանական լեզուն իր 11 միլիոնէ աւելի հետեւորդներով որուն կը յաջորդէ իտալերէնը` 8 միլիոն 680  հազարէ աւելի հետեւորդներով ապա Փորթուկալերէնը` 1 միլիոն 909 հազար, լեհերէնը` 566 հազար 700, ֆրանսերէնը` 433 հազար, լատիներէնը` 419 հազար 300, գերմաներէնը` 299 հազար 200 եւ ի վերջոյ արաբերէնը` 234 հազար 200։

Նշենք նաեւ թէ @Pontifex քահանայապետական թուիթերեան կայքը առաջին թուիթը արձակեց 12 դեկտեմբեր 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.