2016-02-19 09:29:00

Մինչ ՔԱԿ կը հերքէ. Տաւութօղլու անգարայի պայթումին համար կ՛ամբաստանէ ՔԱԿ-ը


Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած պայթումին անդրադառնալով յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի պայթումին մանրամասնութիւնները բացայայտելու եւ արարքին ետին կանգնողը հաշուետուութեան կանչելու:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիան շրջապատուած է եօթը երկիրներով, որոնք մեծ տագնապներ ու խնդիրներ կը դիմագրաւեն, եւ կարգ մը կառավարութիւններ իրենց տարածքներուն մէկ մասին չեն վերահսկեր, ինչ որ ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ:

Տաւութօղլու աւելցուց, որ իրենք պիտի շարունակեն ապահովական եւ զինուորական գործողութիւնները` բոլորին կոչ ուղղելով կանգնելու պետութեան կողքին ընդդէմ ահաբեկչութեան, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ Անգարայի պայթումին ետին կը կանգնին Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ):

Տաւութօղլու յայտարարեց նաեւ, որ Անգարայի մէջ ականուած ինքնաշարժով յարձակումին հեղինակը 1992-ին հիւսիսային Սուրիոյ Ամուտա քաղաքը ծնած Սալեհ Նաժժարն է, եւ ի յայտ եկած է, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը յարձակումին հետ անմիջական առնչութիւն ունի, իսկ Նաժժար Սուրիայէն ներթափանցած է թրքական հողեր:

«Կը վստահեցնեմ, որ պատասխանատուութիւնը ճշդելէ ետք, պիտի ճշդենք ժամանակն ու պայմանը, երբ պիտի սկսինք մեր զինուորական խստացուած նոր գործողութիւններուն, եւ ժամկէտը ճշդելէ ետք զայն պիտի չյայտարարենք», ըսաւ Տաւութօղլու:

Ան նշեց. «ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի յայտարարեց, որ սուրիական քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետեւորդ է, եւ ատիկա շատ յստակ կերպով ըսաւ, ուստի իրաւունք ունինք ահաբեկչութեան պատասխանատու սուրիական վարչակարգին նկատմամբ քայլերու դիմելու»:

Սուրիոյ քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը հերքեց 28 զոհ եւ 60 վիրաւոր պատճառած ականահարումին իր մեղսակցութիւնը եւ յարձակումին ետին կանգնելու յանցանքով ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ը: Քրտական Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկատները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իրենց կարգին հերքեցին Անգարայի մէջ պայթումին մեղսակցութիւնը` նշելով. «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները դրացի որեւէ երկրի կամ ահաբեկչական խմբաւորումներէն այլ խմբաւորման դէմ զինուորական գործողութեան չէ դիմած` հակառակ թրքական բանակին Ռոժովայի սահմաններուն դէմ կատարած գրգռութիւններուն եւ յարձակումներուն: Մեր կողմէ որեւէ զինուորական գործողութեան չէ ձեռնարկուած եւ թրքական բանակն ու ինչպէս նաեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը ասիկա ուրիշներէն շատ աւելի լաւ գիտեն, սակայն այժմ իրականութիւնները դիտաւորեալ կերպով կ՛աղաւաղուին»:

Անգարայի պայթումին հետ իր առնչութիւնը հերքեց նաեւ ՔԱԿ-ը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացաւ ուժեղ կերպով հակադարձել պայթումին ետին կանգնողին եւ յայտարարութիւն մը հրապարակելով ըսաւ. «Յարձակում գործող խամաճիկներուն եւ անոնց ետին կանգնող ուժերուն դէմ Անգարայի պատերազմը աւելի վճռակամ պիտի դառնայ»:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիա երբեք պիտի չընդունի Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ քրտական տարածք մը` աւելցնելով, որ իր երկիրը մտադիր չէ դադրեցնելու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ ռմբակոծումը:

Էրտողան անգամ մը եւս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Թուրքիոյ եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ ընտրութիւն մը կատարեն` հարց տալով, որ ինչու այդ ջոկատները ահաբեկչական չեն նկատեր:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Աւաքան Ալա «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Անգարայի պայթումին հարցով թրքական տարբեր նահանգներու մէջ ձերբակալուած են 14 կասկածեալներ: Ան նշեց, որ թրքական ապահովական մարմինները 7 նահանգներու մէջ համակարգուած գործողութիւններ շղթայազերծելով ձերբակալած են կասկածեալները:

«Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» հաղորդեց, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Անգարայի պայթումին ընթացքին սպաննուած են 20 բարձրաստիճան զինուորականներ եւ 8 քաղաքայիններ: Պայթումը տեղի ունեցած էր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի, Զինեալ ուժերու սպայակոյտի եւ զինուորներու հանրակացարանի շէնքերուն մօտ:

Միւս կողմէ, Պոլսոյ նահանգապետ Ուասապ Շահին յայտարարեց, որ Պոլսոյ մէջ ապահովական միջոցառումները բարձրացուած են բարձրագոյն մակարդակի:

Քաղուած Ազդակէ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.