2016-02-19 11:52:00

Մեծ Պահքի Շրջան


Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն՝ Քառասնորդաց Պահքը կը սկսի Բուն Բարեկենդանի յաջորդ օրը: Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Զատիկ Մեծ Պահքի շրջան կը կոչուի: Ան մեծ կը կոչուի պահքերուն մէջ ամենէն երկարատեւը (քառասուն օր) ըլլալուն համար: Այս պահքը կը կոչուի նաեւ Քառասնորդաց, քառասուն օր տեւելուն պատճառով: Ժամանակին կը կոչուէր նաեւ Աղ ու հաց: Հին ժամանակ՝ աղ ու հաց կ'ուտէին Մեծ Պահոց որոշ օրերուն: Մեծ Պահքը կը բաղկանայ ութը շաբաթներէ, Առաջաւորացն ալ միասին հաշուելով: Բայց քանի որ շաբաթ և կիրակի օրերուն պահեցողութիւն արգիլուած էր նզովքով (կանոն Թադէոս Առաքեալի, 27) հետեւաբար ութը շաբաթներէն կիրակիներն ու շաբաթները զեղչելով (16 օր), կը մնան Մեծ Պահքի քառասուն օրերը: Պահք կամ պաս՝ կը նշանակէ հրաժարիլ որոշ տեսակի կերակուրներէ, յատկապէս մսեղէնէ, կաթնեղէնէ, հաւկիթէ և նուիրուիլ զղջումի, ինքնաքննութեան և ապաշխարութեան: Եկեղեցին տարուան ընթացքին մօտաւորապէս վեց ամիս Պահոց օրեր ունի և վեց ամիս ալ՝ Սրբոց, ուտիքի, Տէրունի, Աստուածածնի, Ս. խաչի և այլ տօնական օրեր: Բուն Բարեկենդանը նախորդող Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ աւագ խորանի վարագոյրը կը փակուի և փակ կը մնայ քառասնօրեայ պահքի ընթացքին, մինչեւ Ծաղկազարդ: Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան կամ կարեւոր Սրբոց տօներու առթիւ, երբ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, աւագ խորանի վարագոյրը կը բացուի և տեղի կ'ունենայ բաց պատարագ: Աւետարաններուն մէջ նկարագրուած է Քրիստոսի սատանայէն փորձուիլը և յաղթական դուրս գալը: Քրիստոսի քառասնօրեայ առանձնացումը՝ աղօթքի, ծոմապահութեան և ապաշխարութեան միջոցով պատրաստութեան շրջան էր նաեւ իր հրապարակային քարոզութեան: Եկեղեցին, Քրիստոսի օրինակին հետեւողութեամբ, քառասնօրեայ պահքը հաստատեց հաւատացեալներուն քառասուն օր խոկումի, աղօթքի և ինքնաքննութեան ու զղջումի միջոցով ապաշխարութեան առիթ տալու համար: Պահոց օրերը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ բաժանումներով: 
Մեծ Պահոց առաջին օրը կը կոչուի Օր Մոխրոց, ուր եկեղեցական հայրը մոխիրը խաչաձեւ կը սրսկէ հաւատացեալին գլխուն վրայ, հետեւեալ խօսքը արտասանելով. «Յիշէ՜ ո՛վ մարդ, որ հող էիր և հող պիտի դառնաս»: Մեծ Պահոց 24-րդ օրը՝ Տնտեսի կիրակիին յաջորդող Չորեքշաբթին Միջինք է: Միջինքը ծիսական կամ եկեղեցական իմաստ մը չի ներկայացներ Հայ Եկեղեցւոյ տօնակարգին մէջ, այնուամենայնիւ Միջինքին սովորութիւն դարձած է հաւաքոյթներ կազմակերպել և պահեցողութեան կերակուրներով ճոխ սեղանի շուրջ հաւաքուիլ: Անցեալին՝ Միջինքին սովորութիւն էր գառնանային պայծառ երկինքին տակ դաշտագնացութիւն կազմակերպել: 
Տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ Զմմառու պատմական վանքի Մայր տաճարին մէջ, Միաբան Հայրերու գլխաւորութեամբ և դպրեվանքի սաներու մասնակցութեամբ կը կատարուին Մեծ Պահոց օրերու Ժամերգութիւն. Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին՝ Խաղաղական Ժամ: Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին՝ Վարդարան: Ուրբաթ երեկոյեան՝ ժամը 7:00-ին Ճանապարհ Խաչի աղօթք: Շաբաթ առաւօտեան ժամը 7:30-ին՝ Արեւագալի Ժամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.