2016-02-18 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մամլոյ ասուլիսը Մեքսիքոյէն Հռոմ թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 18 փետրուար 2015-ին յետմիջօրէի ժամը 3-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը փոխադրող Մեքսիքոյէն Հռոմ օդանաւը ժամանեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան։ Դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Սրբազան քահանայապետը, ինչպէս ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ու հանդիպման ընթացքին պատասխանեց զանազան նիւթերու շուրջ իրեն ուղղուած հարցումներուն հայող` Մեքսիքոյի ճամբորդութեան, Մանկամոլութեան, ամուսնութեան, ընտանիքին, ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, Իտալիոյ քաղաքական բանավէճերուն, վիժումի, գաղթականութեան հարցին, ու յատկապէս Քիրիլ Պատրիարքին հետ հանդիպումի ու հանդիպումի արձագանքներու մասին։


''Անյայտ ճակատագիր ունեցող անձերը''

Սրբազան Քահանայապետը ինչպէս միշտ պարզ եւ անկեղծ պատասխաններ տուաւ իրեն ունկնդիրներուն մեկնելով այն հարցումէն թէ ինչո՞ւ Մեքսիքոյի ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպում չունեցաւ '' desaparecidos – անյայտ ճակատագիր ունեցող անձերու'' ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ ինք իր քարոզներուն ու ճառերուն մէջ միշտ յիշեց զանոնք ու անոնց մասին խօսեցաւ սակայն կարելի չէր հանդիպում ունենալ բոլորին հետ։ ''Ասիկա ցաւ մըն է որ սրտիս մէջ կը կրեմ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը'' որովհետեւ այս ազգը այսպիսի ողբերգութեան մը արժանի չէ''։

Մանկապղծութիւնը

Անդրադառնալով ապա Քահանաներու կողմէ գործուած մանկապղծութիւններու մասին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց այս հարցին նկատմամբ Վատիկնաի կառոյցներու որդեգրած կարեւոր քայլերը յատկապէս նշելով իր նախորդին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի այս ուղղութեամբ ջանքերն ու գործունէութիւնը. ''Անոր քաջութեան կը պարտինք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այս հարցին վրայ դուռ բանալը''։

Տոնալտ Թրամփ

Ապա այն իրողութեան թէ ԱՄՆ-ի նախագահական աթոռի թեկնածու` Տոնալտ Թրամփ նախագահ ընտրուելու պարագային միտք ունի ԱՄՆ-էն վտարելու 11 միլիոն գաղթականներ եւ Մեքսիքոյի սահմանագիծի վրայ կառուցելու 2,500 քմ երկարութեամբ պատ մը, Քահանայապետը պատասխանեց թէ ինք վստահ չէ եթէ թեկնածուն այսպիսի խօսքեր ըսած է եւ թէ իրեն չ՛իյնար կաթողիկէ քաղաքական մարդոց ըսել թէ ինչ ձեւով պէտք է քուէարկեն, միայն կ՛ըսեմ թէ ''այս մարդը, եթէ այս բաները կ՛ըսէ, քրիստոնեայ չէ, Աւետարանը այս չի քարոզեր, պատեր կառուցել կամուրջներու փոխառեն քրիստոնէական գործ մը  չէ''։

Քիրիլ Պատրիարքի հետ հանդիպում։

Սրբազան Քահանայապետը ապա երկարօրէն անդրադարձաւ Քիրիլ Պատրիարքի հետ ունեցած իր հանդիպումին ու այդ հանդիպումի բերումով Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ հասարակութեան արտայայտած դժգոհութեան մասին, յատկապէս այն ինչ կը վերաբերի վերոնշեալ Եկեղեցւոյ Հովուապետ Սթանիզլաւ Շեվչուքին վերագրուած մամուլին մէջ յայտնաբերուած խօսքերուն։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ շատ մը լրագրողներ դժբախտաբար չեն նայիր զրոյցի ամբողջականութեան ու մաս մը քաղելով անկէ իրենց հաճոյքի համաձայն կը ներկայացնեն զայն եւ նշեց թէ Շեվքչուք Արքեպիսկոպոսը դէմ չէ գոյացած հանդիպումին, Եկեղեցւոյ կամ Պապին եւ թէ անոր արտայայտութիւնը հրատարակուած յայտարարութեան մասին մասամբ խեղաթիւրուած է  թէեւ ան յայտնած է թէ ''շատ մը հաւատացեալներ շատ գոհ չմնացին յայտարարութեան պարունակութենէն''։ Այս մէկը սակայն ընդգծեց Քահանայապետը, բանական է։ Ամէն մին իր գաղափարը ունի, եւ անձնական գաղափարը  վարդապետութիւն մը չէ։ Ես կը յարգեմ ուրիշներու գաղափարները։ Իմ կարծիքովս յայտարարութիւնը կրնայ նաեւ վիճաբանութեան առարկայ ըլլալ սակայն, նշեց Պապը, մենք այնտեղ խնդրեցինք որ վերջ դրուի պատերազմին եւ այժմ ինչպէս անցեալին Հռոմի Եկեղեցին ու Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղեն ''որոնելու խաղաղութիւնը'' եւ ի գործ դնելու Մինսքի համաձայնութիւնը։  Նորին Սրբութիւնը ապա խնդրեց որ իր ու Քիրիլ Պատրիարքի միջեւ կայացած երկու ժամ տեւող խօսակցութեան պարունակութիւնը մնայ ''մտերմիկ' ու յայտնեց թէ այդ խօսակցութեան աւարտին ինք ու Պատրիարքը գոհունակ մնացին։

Զիքա համաճարակը եւ վիժումը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ անդրադարձ կատարեց ''Զիքա'' համաճարակի մասին որուն հետեւանքով մի քանի պետութիւններ առաջարկած են կիներուն` դիմելու վիժումի։ Վիժումը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ոճիր մըն է։ Մարդասպանութիւն է։ Տարբեր է­, աւելցուց Ան, կանխարգիլել կիներու յղի մնալը, որոշ պայմաններու մէջ, սակայն վիժումը կը մնայ ոճիր ու դատապարտելի։

''Քարլօ Մանիօ'' մրցանակը Եւրոպայի միութեան ու վերականգնումին

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապա մօտ օրէն իրենց շնորհուելիք  ''Քարլօ Մանիօ'' մրցանակի մասին ու յայտնեց թէ ինք սովոր չէ այսպիսի մրցանակներ ընդունիլ, սակայն այս անգամ բացառութիւն մըն է, ու թէ այդ մրցանակը կ՛ուզէ ձօնել Եւրոպայի միութեան ու վերականգնումին։

Ընտանիք, ամուսնութիւն, ապահարզան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը

Մամլոյ ասուլիսի այլ կարեւոր նիւթերէն մին հանդիսացաւ Ընտանիքի եւ ամուսնութեան ու ապահարզան եղող ու դարձեալ ամուսնացող զոյգերու նիւթը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ ընտանիքի մասին եպիսկոպոսներու երկու սիւնհոդոսներու հիման վրայ շարադրուած Առաքելական յորդորագիր մը ու հաստատեց թէ ամուսնութիւնը անլուծանելի խորհուրդ մըն է եւ թէ ամուսնութեան խորհուրդին մօտենալու համար հարկաւոր է պատշաճ պատրաստութիւն։ Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ Ընտանիքի հարցերուն ու յատկապէս ամուսնացեալ եւ ամուսնալուծեալ զոյգերու զաւակներու կեդրոնականութեան մասին ինչպէս նաեւ ''վիրաւոր'' ընտանիքիններու եկեղեցիէն ներս ընկալումի ու անոնց յարմար ուղեւորութեան մասին մատնանշելով թէ այդ զոյգերու սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի մօտեցումը կը մնայ տակաւին առկախ եւ բանակցութեան առարկայ։

Ալ Ազհարի աւագ Իմամին հետ հանդիպում։

Լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց նաեւ իր կամքը հանդիպելու Ալ Ազհարի աւագ Իմամին հետ եւ այս առընչութեամբ մատնանշեց վատիկանեան պատուիրակութեան մը Ալ Ազհարի  կատարած այցելութեան մասին։

Կուատալուփի Տիրամօր սրբանկարի առջեւ աղօթքը։

Հուսկ երբ հարց տրուեցաւ թէ ինչու երկար ժամանակ մնաց Կուատալուփի Տիրամօր սրբանկարին առջեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատասխանեց. ''Խնդրեցի աշխարհի համար խաղաղութիւն։ Ներողութիւն հայցեցի ու խնդրեցի որ Եկեղեցին աճի առողջ, անոր բարեխօսութիւնը խնդրեցի Մեքսիքացի ժողովուրդին համար ու խնդրեցի որ քահանաները ըլլան իսկական քահանաներ, մայրապետները իսկական մայրապետներ, եւ եպիսկոպոսները իսկական եպիսկոպոսներ, այնպէս ինչպէս Տէրը կը կամենայ։ Ապա անոր հետ խօսեցայ զաւկի մը Մօր յայտնած գաղտնիքներու մասին....








All the contents on this site are copyrighted ©.