(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 18 փետրուար 2015-ին յետմիջօրէի ժամը 3-ին Մեքսիքոյէն Հռոմ փոխադրող Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի օդանաւը ժամանեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան, վերջ տալով Սրբազան Քահանայապետին 12-րդ միջազգային ճամբորդութեան։
Սովորութեան համաձայն Սրբազան Քահանայապետը անմիջապէս ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ` Հռոմի Տիրամօր նուիրուած տաճար, երախտագիտութիւն տուրք մատուցելու Աստուածամօր` 12-18 փետրուարի Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան համար։
All the contents on this site are copyrighted ©. |