2016-02-18 11:54:00

''Շնորհակալ եմ Մեքսիքոյին եւ բոլոր Մեքսիքացիներուն'' Ֆրանչիսկոս Պապին Հրաժեշտը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Շնորհակալ եմ Մեքսիքոյին եւ բոլոր Մեքսիքացիներուն'' այս բառերով Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց` 12-18 Փետրուար Մեքսիքօ կատարած առաքելական 12-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին այցելեց Մեքսիքոյի հինգ քաղաքներ ու թեմեր եւ հանդիպումներ ունեցաւ Մեքսիքական ընկերութիւնը ներկայացնող զանազան խաւերու հետ, սկսեալ Մեքսիքոյի բնիկ հասարակութիւններէն։

Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցելութեան վերջին օրը յատկանշուեցաւ Չուտատ

Խուարես` ԱՄՆի եւ Մեքսիքոյի սահմանին վրայ գտնուող քաղաքի այցելութեամբ, որ բազմաթիւ Մեքսիքացիներու համար կը ներկայացնէ ապագայի յոյս, ու անոնցմէ շատեր իրենց կեանքը վտանգելով կը փորձեն այդ քաղաքէն անցնիլ սահմանի միւս կողմը, երազելով նոր ու փայլուն ապագայ մը թէեւ շատեր զոհ կը դառնան բռնութեան, շահագործումի, հարստահարումի....ու թիրախ թմրեցուցիչի վաճառականներու վայրագութիւններուն։

Չուտատ Խուարեսի մէջ Սրբազան Քահանայապետը  հանդիպումներ ունեցաւ Քաղաքի բանտարկեալներուն հետ ու Մեքսիքոյի գործարարական ու աշխատանքի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։  

Սրբազան քահանայապետի Մեքսիքօ կատարած առաքելական այցելութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Չուտատ Խուարես քաղաքի սահմանագիծի վրայ գտնուող Տօնավաճառի կեդրոնը ուր նորին Սրբութիւնը մատոյց առաքելական ճամբորդութեան սուրբ պատարագի եզրափակիչ արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ ներառեալ անոնք` որոնք սահմանի Ամերիկեան կողմ ''Էլ Փազօ'' քաղաքէն հաղորդակցութեան արդի միջոցներով կարողացան հետեւիլ արարողութեան եւ որոնց Նորին Սրբութիւնը, քարոզի աւարտին, ուղղեց ողջոյնի յատուկ խօսք մը։

Սուրբ պատարագի զոհէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը Չուտատ Խուասրեցի տօնավաճառի կեդրոնի տարածքին Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի սահմանին կից գտնուող` գաղթականներու յիշատակին զետեղուած փայտէ Խաչի ոտքին պահ մը կանգ առաւ ու լռելեան աղօթեց բոլոր գաղթականներուն համար որոնք սահմանը անցնելու ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին ու անոնց համար որոնք բանտերու մէջ կը գտնուին, զոհերու յիշատակին զետեղելով ծաղկեփունջ մը։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց դադրեցնելու Մահերն ու Չարաշահումները դատապարտելով մարդավաճառութիւնը, թմրեցուցիչի վաճառքը, եւ երիտասարդներու չարաշահումը թէեւ` ըսաւ Ան ''Գիշերը կրնայ մութ երեւնալ, սակայն Մեքսիքոյի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ լոյսեր որոնք յոյս կը ներշնչեն։

Տօնավաճառի կեդրոնի տարածքին մատուցուած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Չուտատ Խուարես օդակայան եւ օդակայանի մէջ Մեքսիքոյի նախագահին ներկայութեամբ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք բարձրացաւ ''Aeromexico'' ընկերութեան կողմէ Քահանայապետին տրամադրուած օդանաւ ու տեղական ժամով 19,15-ին (Հռոմի ժամով 03,15) թռիչք առաւ վերադարձ կատարելով դէպի Հռոմ ապա Վատիկան, ուր սաւառնելէ ետք Մեքսիքոյի, ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ օդային տարածքի վրայէն 18 փետրուար 2016-ի հռոմի ժամով 15,15 շուրջ Նորին Սրբութեան Քահանայապետական օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Հռոմի Չամփինօ օդակայան վերջ տալով Քահանայապետի  12-րդ միջազգային առաքելութեան եւ  Իտալիոյ սահմաններէն դուրս, ժամանակակից շրջանի, Քահանայապետական 149 ճամբորդութեան։

Ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ասուլիս ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ որուն պարունակութեան մասին կ՛անդրադառնանք  վաղուայ  մեր հաղորդումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.