2016-02-17 20:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը գործարարական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 17 փետրուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մեքսիքոյի Չուտատ Խուարես քաղաքին մէջ, այցելելէ ետք քաղաքին բանտը, Չիուաուայի ''Քոլեյօ Տէ Պաքիլլերէս'' վարժարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մեքսիքոյի գործարարական եւ աշխատանքային աշխարհի 3 հազար ներկայացուցիչներուն հետ։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը, անդրադառնալով այս կարեւոր հանդիպումին, շեշտեց բանակցելու եւ հանդիպելու կարեւորութիւնը, կերտելու համար արժանավայել ապագայ մը բոլորին, եւ յատկապէս երիտասարդութեան համար, որ կը ներկայացնեն երկրին ներկան եւ ապագան։

''Հանդիպում եւ երկխօսութիւնը.Միասին գալ, հաղորդակցիլ, խորհրդակցիլ եւ բանակցիլ անհրաժեշտ են կառուցելու համար ապագան ու կերտելու ընկերային ամուր կապեր եւ զօրացնելու ընկերային կառոյցը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու կոչ ուղղեց հանդիպումին ներկայ զանազան աշխատաւորական կազմակերպութիւններուն, որ ամէն ճիգ թափեն յատկապէս երիտասարդներուն հայթայթելու արժանավայել աշխատանքի առիթ, որովհետեւ անոնցմէ շատեր ''ենթակայ են ժամանակակից սպառնալիքին, որ կրթութիւն ստանալու առիթի եւ կայուն աշխատանքի բացակայութիւնն է''։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ այս բացակայութիւնները կ՛առաջնորդեն դէպի աղքատութիւն ։ Աղքատութիւնը իր կարգին կը ստեղծէ պարարտ հողը՝ սայթաքելու թմրանիւթի եւ բռնութեան պարոյրին մէջ։ Ժամանակակից մտայնութիւնը որդեգրած է շահադիտական հարացոյցը՝ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Ասոր պատճառով կը կորսուի ձեռնարկումի բարոյականութիւնը, եւ մոռացութեան կը տրուի այն իրականութիւնը, թէ ընկերութեան լաւագոյն ներդրումը անհատն է եւ ընտանիքը։

Չէ կարելի չարաշահել մարդը, զայն նկատելով պարզապէս առարկայ մը, որ կարելի է գործածել եւ ապա շպրտել։ Մարդ արարածը չէ կարելի իբր ստրուկ պահել։ Աստուծոյ առջեւ հաշիւ պիտի տանք մեր պատճառած ստրկութեան համար - ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց կարելին  ընել, որպէսզի այս վիճակը չկրկնուի։

Սրբազան Պապը անդրադարձաւ ապա  Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման, որ կը շեշտէ անհատի եւ ընկերային կառոյցներու ամբողջականութեան կարեւորութիւնը։ ''Եթէ այս ամբողջականութիւնը խախտուի, կը ստեղծուին լարումներ, որոնց պատճառաւ նոր տիպի միջմարդկային յարաբերութիւններ եւ ազգեր մէջտեղ կու գան։ Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցումը այսպիսի խեղաթիւրումներու դիմաց միշտ պիտի բարձրացնէ իր ձայնը։ Որովհետեւ ամէն անգամ որ մարդու արժանապատուութիւնը խախտումի ենթարկուի կամ սպառնալիքի տակ դրուի համայն ընկերութիւնն է որ կը կ՛ապականի – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ իր ճառին աւարտին յատուկ օրէն շեշտը դրաւ ''զաւակներու ապագայի'' հարցին վրայ։

Պէտք է գիտակցինք, թէ ի՛նչպիսի աշխարհ մը կ՛ուզենք թողուլ մեր զաւակներուն։ Չէ կարելի զանոնք լքել աշխարհի մը մէջ որ թաղուած է կաշառակերութեան, բռնութեան, անապահովութեան եւ անվստահութեան մէջ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ ''դիւրին չէ այդ ծրագիրը իրագործել, սակայն կարելի չէ նաեւ  զայն յանձնել վերոյիշեալ սպառնալիքներու ձեռքը''։

Նիւթական շահը պէտք չէ գերադասել մարդ արարածին, ան ծառայելու է հասարակաց բարիքին։ Այլապէս անհատը կը մեկուսացուի, եւ այս մեկուսացումի հետեւանքով կը տուժէ համայն ընկերութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց կոչ ուղղելով կառուցելու` զաւակներու արժանի Մեքսիքօ մը, ուր առաջին ու երկրորդ դասակարգի անհատներ չ՛ըլլան,  այլ  ուրիշին մէջ միշտ տեսնենք Աստուծոյ զաւկի արժանապատուութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.