2016-02-17 19:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Չուտատ Խուարես քաղաքի բանտարկեալներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 փետրուարին, Մեքսիքոյի Չուտատ  Խուարես քաղաքին մէջ,տեղական ժամով առաւօտեան 10.30ին, (Հռոմի ժամով երեկոյեան 6.30ին), Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Չերեսօ անուան բանտը՝ ուր հանդիպում ունեցաւ շուրջ 700 բանտարկեալներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ ուղղեց պատգամ մը որուն սկիզբը ըսաւ ՝՝Չէի կրնար աւարտել Մեքսիքոյի մէջ առաքելական ճամբորդութիւնս առանց ձեր հետ հանդիպելու եւ ձեր հետ միասին նշելու Յոբելինական Ողորմութեան տարին՝՝։ Ապա  ակնարկելով Ափրիկէի մէջ կատարած  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան առաջին  Սուրբ Դրան բացման արարողութեան,  Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ

՝՝Իսկ՝ այսօր ձեր հետ միասին կը փափաքիմ վերահաստատել այն վստահութիւնը որով  Յիսուս  մեզ կը քաջալերէ.  Աստուծոյ Ողորմութիւնը կ՛ ողջագուրէ բոլորը ուր ալ որ գտնուին։  Չի կայ վայր մը ուր Աստուծոյ Ողորմութիւնը հասանելի չըլլայ,  ոչ իսկ՝  վայր մը կամ անձ մը,  որ չի կարենայ դպչիլ Աստուծոյ Ողորմութեան։ Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապ  քաջալերեց ու հրաւիրեց բանտարկեալները ընդգրկելու հրատապ ուղեւորութեան մը՝   խափանելու բռնութեան, ոճրագործութեան կիրքերը։ Նորին Սրբութիւնը ապա  մատնանշեց,  թէ արդէն անցած են  տասնեակ տարիներ, այն մտածելակերպէն՝ ուր կը կարծուէր  թէ ամէն ինչ կը լուծուի մեկուսացումի , բաժանմունքի , բանտարկութեան միջոցներու դիմելով,  ինչպէս նաեւ   մեզմէ   հեռացնելով հարցերը, ապա շեշտեց ՝՝մոռցանք կեդրոնանալ այն իսկական մտահոգութիւններուն վրայ` մարդոց կեանքը, անոն ընտանիքներունը, եւ բոլոր կեանքն անոնց որոնք տառապեցան բռնութեան հետեւանքով։ Աստուածային Ողորմութիւնը մեզի յիշել կու տայ որ բանտերը ազդակն մըն են՝  թէ ինչպիսի ընկերութեան մը  մէջ կը գտնուինք։Յաճախ՝ անոնք  լռութեան եւ յանցագործութեան ախտանշաններ են՝  ծագած մեկուսացումի մշակոյթէն, ընկերութեան մը՝  որ զիջեցաւ կեանքի կեդրոնականութենէն,  ու մոռցաւ իր զաւակները։  Հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ստեղծել  առողջ ընկերային  համակարգ մը։ 

՝՝Աստուածային Ողորմութիւնը յիշել կու տայ, թէ ներմուծման գործընթացը սկիզբ չ՝առներ  բանտերու պատերուն ընդմէջէն. այլ դուրսէն՝ քաղաքի ճանապարհներէն, ստեղծելով համակարգ  մը՝ զոր կրնանք կոչել առողջ ընկերութիւն, որ կը փորձէ հիւանդութեան չենթարկուիլ ու վարակել  յարաբերութիւնները, թաղամասերու, դպրոցներու, հրապարակներու,  բնակարաններու ու ընկերային բոլոր ասպարէզներէն ներս ։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա Մատթէոսի Աւետարանէն  (Մատթ 25 -34- 44) մէջբերելով հատուած մը ըսաւ ՝՝Աղքատներու, անօթիներուն,  անօճախներուն  հանդէպ  Յիսուսի ցուցաբերած հոգատարութիւնը ,  Աստուծոյ  զուտ Ողորմածութեան  արտայայտութիւնը եղաւ   եւ այս մէկը  բարոյական հրամայական կը նկատուի  բոլոր այն  ընկերութեան համար՝ որ կը փափաքի  առաջարկել անհրաժեշտ պայմաններ լաւագոյն համակեցութիւն կերտելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ընդգծեց թէ ընկերային ներմուծումը սկիզբ կառնէ մեր զաւակներուն, դպրոց յաճախելու կարելիութիւն տալով, անոնց ընտանիքներուն պատուաւոր աշխատանք գտնելով, ազատ ժամերու համար զբօսավայրեր ստեղծելով ինչպէս  նաեւ  անհրաժեշտ առողջապահական կառոյցներ շինելով։ Ֆրանչիսկոս Պապ` Ողորմութեան Սուրբ Տարուան հեռանկարով, հրաւիրեց բանտարկեալները,  իրենց անցեալին մէջ բանտարկուած ­չմնալու այլ բանալու իրենց դռները ապագային եւ վաղուան դիմաց, հաւատալով որ ''իրողութիւնները կրնան փոխուիլ''  եւ աշխատելու՝ ''ձեռք բերելու համար ազատութիւնը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերանքի խօսք ուղղեց   յիշեցնելով  Սուրբ Յարութեան ուժականութիւնը,  որ ամէն ինչ կը նորոգէ եւ կարող  կը դարձնէ յանձնառու ըլլալ բարեփոխելու  մեկուսացում յառաջացնող իրողութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց   ապա աշխատանք տանիլ՝ կասեցնելու համար բռնութեան կրքոտ բոլոր ձեւերը, ու բանտարկեալներէն խնդրեց,որ աշխատանք տանին,  որպէսզի սոյն շահագործիչ ընկերութիւնը չի շարունակէ այլ զոհեր պատճառել։

Խօսքին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պաղ  ողջունեց բանտին բոլոր աշխատաւորները, մատրանապետները, հրաւիրելով անոնց ըլլալու Հօր Աստուծոյ ողորմութեան նշանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.