2016-02-17 21:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 17 փետրուարի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսի Ողորմութիւնը կ՛ ողջագուրէ ամէնքը, երկրի ամէն անկիւններուն մէջ։ Սիրտդ բաց Անոր։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ 17 փետրուարին հրապարակած առաջին թուիթին մէջ։

Ապա երկրորդ թուիթ մը հրատարակելով գրեց. Սիրելի բանտարկեալներ, մեծ ցաւեր փորձարկեցիք, կարող էք դառնալ մարգարէներ ընկերութեան մը որ այլեւս բռնութիւն եւ մեկուսացում չստեղծէ։

Իսկ երրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Ողորմութեան Յոբելեանին մատնանշելով թէ Ողորմութեան Յոբելեանը կը նշանակէ անցեալի բանտարկեալներ չմնալ, այլ հաւատալ որ իրողութիւնները կարող են տարբեր ըլլալ։

Վերոնշեալ  նախադասութիւնները քաղուած են Սրբազան Քահանայապետի բանտարկեալներուն ուղղած պատգամէն։

Այլ թուիթի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց. Ամէնքս պէտք է պայքարինք որպէսզի աշխատանքը ըլլայ ապագայի ու մարդկայնականութեան դատ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց թէ ''Նիւթական շահն ու դրամագլուխը  մարդ արարածը գերադասող բարիքներ­ չեն, այլ հասարակաց բարիքի ծառայութեան համար եղած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.