2016-02-17 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն. '' Ձեր Յոյսը Յիսուս Քրիստոսն է''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մեքսիքոյի մէջ երիտասարդ ըլլալը ամենամեծ հարստութիւնն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մորելիայի  ''Մորելոս Ի Փավոն'' մարզադաշտին մէջ համախմբուած հարիւր հազարէ աւելի Մեքսիքացի երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընկալեցին Ֆրանչիսկոս Պապ ''աւագ եղբայր ու Հայր'' կոչելով զինք ապա  անոր   ուղղեցին հարցադրանքներ հայող`  արժէքներու, ընտանիքի, խաղաղութեան եւ արդարութեան նիւթերու։ Դուք ինձմէ յոյսի նշան կը խնդրէք ըսաւ Քահանայապետը, այդ նշանը Յիսուս Քրիստոսն է։

Երիտասարդները խօսեցան ''Բռնութեան, կաշառութեան, աշխատանքի պակասի, թմրեցուցիչի առեւտուրի, սեռային վատ կրթութիւն, մարդկային յարաբերութիւններու կորուստի մասին որոնք իրենց կեանքը կը պայմանաւորեն, ինչպէս նաեւ անոնց պարզեցին իրենց ձգտումները` ընտանիքի ու խաղաղութեան։

Դուք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Մեքսիքոյի ու Եկեղեցւոյ հարստութիւնն էք, դուք հարստութիւնն էք որ հարկաւոր է յոյսի վերածել, որպէս հիմք որուն վրայ աշխատիլ։ Սակայն յոյս չկայ եթէ չկայ ինքնավստահութիւն, եթէ ձեզ կը ստորադասեն ու ձեզ կը մեկուսացնեն եւ կամ եթէ ձեզ կը համոզեն թէ արժէք ունիք միայն եթէ հարուստ էք''

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ շեշտեց որ երիտասարդներուն յոյսը խարսխուած է Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ։ Առանց յոյսի կարելի չէ ապրիլ։ Յոյսը այն ապրումն է, ուր կը գիտակցինք, թէ ամէն ինչ կարելի չէ կորսուած նկատել։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է գիտակցի իր արժէքին։ Անհատի մը արժէքազրկումը սպառնալիք է այդ անհատի յոյսին։ Սպառնալիք՝ երբ անձին հաւատալ կու տան՝ թէ արժէք ունի, միայն եթէ դիմակաւորուած է նորոյթով, եթէ հեղինակաւոր անհատ մըն է կամ կարեւոր է՝ որովհետեւ դրամ ունի։ Սակայն կը զլանան այդ անհատին գուրգուրանքի եւ սիրոյ արժանի ըլլալը։ Դժուար է փորձն առնել այս իրականութեան, երբ երիտասարդները կը կորսնցնեն ընտանիքի անդամներ եւ ընկերներ՝ զոհեր թմրեցուցիչի վաճառքի եւ ոճրային կազմակերպութիւններու, որոնք ահ ու սարսափ կը սփռեն։

''Դժուար է որ ազգ մը գիտակցի իր հարստութեան, եթէ չունի արժանավայել աշխատանքի եւ ուսում ջամբելու առիթը, եւ իրաւազրկուած է'' ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ''Քրիստոսի անձին մէջ կը գտնուի յոյսը եւ յոյսի յարատեւ նորոգումը։ Քրիստոս միշտ կոչ կ՛ուղղէ դարձի գալու։ Անոր օգնութեամբ է, որ մենք կրնանք վերսկսիլ մեր ճանապարհը եւ ունենալ քաջութիւնը՝ ոչ ըսելու թմրեցուցիչի վաճառքին եւ այն բոլոր բաներուն, որոնք աւերում եւ մահ կը սփռեն։ Քրիստոս կը պահէ երիտասարդները, որ չդառնան զոհ կամ վարձկաններ ուրիշներու փառասիրութեան։

Յոյսի պատգամը, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կու տայ երիտասարդներուն՝ Յիսուս Քրիստոս է։

Արդ Անոր կառչեցէք երբ կեանքի բեռը ծանր կշռէ, ընդգրկեցէք խաչը, ընդգրկեցէք Քրիստոս, եւ երբեք մի հեռանաք Անկէ – յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ ''Միայն Քրիստոսի միջոցաւ անոնք պիտի ըլլան թթխմոր, աղ եւ լոյս իրենց բարեկամներուն, իրենց շրջանակին եւ հասարակութեան համար։  ''Յաղթանակը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը գետին չիյնալու մէջ չի կայանար այլ գետին չմնալու մէջ է'', առ այդ ''երբ գետին իյնաք մի թողուք երբեք Քրիստոսի ձեռքը եւ թոյլ տուէք որ Ան ձեզ օգնէ վերականգնելու''։  Ու երբ ձեր բարեկամներէն մին է որ կը սխալի անոր մօտը կանգնեցէք եւ յանուն Քրիստոսի ուժ ներշնչեցէք։

''Եղէք օձերու նման խորամանկ եւ աղաւնիներու նման հեզ'' շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու երիտասարդներուն յորդորեց երեք բանալի բառեր  ''յոյս, հարստութիւն եւ արժանապատուութիւն'' քաջութիւն ներշնչելով անոնց չմեկուսանալու, երբեք չյուսալքուելու, երբեք թոյլ չտալու որ զիրենք վաճառքի առարկայի վերածեն։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ընտանիքը մեծ ազգի մը անկիւնաքարն ու առաջին դպրոցն է ապա խրախուսեց երիտասարդները  կառուցելու ''սրբավայրեր'' ու խօսքին աւարտին աղօթք բարձրացուց Կուատալուփի Տիրամօր`Անորմէ հայցելով որ մեզ գիտակից դարձնէ Աստուծոյ մեզի շնորհած պարգեւներուն համար ու մեր մէջ աճեցնէ յոյսը որ է Յիսուս Քրիստոս, որպէսզի կարենանք ընթանալ քրիստոնեաներու կեանքի եւ արժանաւորութեան ուղեւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.