2016-02-17 14:13:00

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը այցելած է Ալ Ազհար համալսարան


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 փետրուարին, Սուրբ Աթոռի Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ նշեց. թէ երեքշաբթի, 16 փետրուարին  վերոնշեալ խորհուրդին քարտուղար Գերապայծառ Միկել Այուսօ Կիսոն, ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի մէջ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Պրունօ Մուզարոյի այցելած է  Եգիպտոսի մէջ Մահմետական Սիւննիներու համայնքի պատկան   Ալ Ազհար հաստատութիւնը  հանդիպում ունենալով Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ տեղակալի` Տոքթ Ապպաս Ալթայյիպին հետ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի  նաեւ թէ հանդիպումը կայացած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին քննարկուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ շատ փափաքուած   երկու հաստատութիւններուն միջեւ  երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը։ Երկու կողմերը համաձայն գտնուած են երկխօսութեան մէջ յարատեւելու եւ ընդարձակելու  կարեւորութեան շուրջ՝ մարդկութեան բարիքին համար

Հանդիպումի աւարտին, Գերապայծառ Այուզօ փոխանցած է,  Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ     կարդինալ Ժան Լուի Թորանի կողմէ նամակ մը  որուն մէջ  ծիրանաւորը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ ընդունելու Աւագ Իմամը եւ զայն պաշտօնական զրոյցի առաջնորդելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.