2016-02-17 12:14:00

Աւելի քան 500.000 Իրաքցիներ վերադարձած են ԻՊ-էն ազատագրուած տարածքներ. ՄԱԿ


Աւելի քան 500.000 մարդ վերադարձած է Իրաքի շրջաններ, որոնք ազատագրուած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութենէն: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտարարած է Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Եան Գուպիշը:

Անոր խօսքով` 2016-ին կը սպասուի եւս 900.000 իրաքցիներու վերադարձ:

Գուպիշը ընդգծած է, որ իրավիճակի կայունացումը ազատագրուած շրջաններու եւ բնակիչներու անվտանգ վերադարձը մեծ նշանակութիւն ունի իրաքեան ճգնաժամի կարգաւորման հեռանկարներու համար: Այս առիթով ան նաեւ ուշադրութիւն գրաւած է Տիկրիտ քաղաքի վերականգնման ուղղուած ջանքերուն, ուր վերադարձած է 167.000 բնակիչ, այսինքն` բնակչութեան 90%-ը:

«Կառավարութիւնը շատ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ մարդոց վերադարձին: Մինչ օրս աւելի քան 500.000 մարդ վերադարձած է տուն: Կառավարութիւնը յոյս ունի, որ 2016-ին պիտի վերադառնայ մինչեւ 900.000 մարդ»,- ըսած է Գուպիշը:

Ան յայտնած է, որ իրաքեան անվտանգութեան ուժերը` այլ պետութիւններու աջակցութեամբ, վստահութեամբ ետ կը գրաւեն տարածքները ԻՊ-ի գրոհայիններէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.