2016-02-16 10:38:00

Մեսրոպեան վարժարանին մէջ բացուեցաւ Արցախեան շաբաթը


Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ բացուեցաւ Արցախեան Շաբաթը, որուն ընթացքին աշակերտները պիտի կատարեն Արցախին եւ Արցախեան ազատագրական շարժման վերաբերող տարբեր բնոյթի աշխատանքներ:

Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 7.30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած աշակերտական հաւաքով, որուն ընթացքին, Արցախի դրօշները սահեցան վարժարանի շէնքն ի վար, “Պիտի Շարունակուի՝ Արցախէն Անի” վերտառութեամբ մեծադիր պաստառին վրայ, մինչ ներկաները կ՛ունկնդրէին ԼՂՀ քայլերգը:

Աշակերտներուն իր խօսքը ուղղեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Պարոն տնօրէնը աշակերտներուն յիշեցուց, որ այս տարին յոբելենական է Արցախին համար, որ կը տօնէ անկախ պետականութեան հռչակման 25-ամեակը: Պարոն Գալուստ դիտել տուաւ, որ այս առիթով աշակերտները կոչուած են սերտելու Արցախի պատմութիւնն ու հերոսական պայքարը, որ փառաւոր յաղթանակներ նուիրեց հայ ժողովուրդին եւ կը մնայ ներշնչման  ու հպարտութեան աղբիւր նոր սերունդին համար:

Աշակերտութեան անունով արտասանուած բացման խօսքին մէջ հաստատուեցաւ, որ հայ աշակերտներուն պարտականութիւնն է հայրենասիրութեամբ ու նուիրումով քալել նահատակներու բացած անշեղ ուղիէն։ Մեր նահատակ հերոսները անմահ են այնքան ատեն, որ մենք կը մնանք անոնց արժանի հետեւորդները։

Հաւաքը փակուեցաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի Պահպանիչով:

Մեսրոպեանի մէջ մէկ շաբթուան վրայ երկարող Արցախեան ձեռնարկները կ’ընդգրկեն Արցախի դրօշի եւ քարտէսի պատրաստութիւն, պատի թերթի եւ պրպտումի մրցում, Արցախեան յաղթանակին նուիրուած հանդիսութիւն։

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.