ՄԱԿ-ի տուեալներով` երէկ առնուազն 50 մարդ մահացած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող բժշկական հաստատութիւններու եւ դպրոցներու վրայ օդային յարձակումներու հետեւանքով:
Յարձակումներէն մէկուն թիրախը եղած է «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հիւանդանոցը, շէնքի փլուզումը պատճառ դարձած է 7 հոգիի մահուան։
Azadutyun.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի-Մունը միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտում որակած է այդ յարձակումները, որոնք տեղի ունեցած են գերտերութիւններու` հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերելէն յետոյ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |