2016-02-15 11:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապը Մեքսիքոյի Չափաս նահանգին մէջ. հակիրճ ակնարկ


Չիափաս անուան նահանգը

(Ռատիօ Վատիկան)Չիափաս  նահանգը ունի 73289 մք տարածք, անոր բնակչութեան թիւը կը հաշուէ 4,796, 850 (2010 թուականի տուեալներուն համաձայն)։

Հակառակ իր բնական աղբիւրներու հարստութեան, Չափաս նահանգը Մեքսիքոյի մէջ նկատուած է  ամենէն աղքատ  մարզերէն մին,   ուր  ընկերային,  տնտեսական ինչպէս նաեւ մշակութային  ասպարէզներէն ներս ամենէն նուազ աճ կ՛արձանագրուի։ 

Անոր բնակիչներուն մեծամասնութիւնը կազմուած է երկրին   բնիկներէ։

Սոյն  Նահանգը հռչակաւոր է նաեւ անցեալին մէջ  ծնունդ առած յեղափոխական ընդդիմադիրներու խմբակներով, որոնց շարքին ՝՝Ազգային ազատագրական Զափաթիսթա բանակային  խմբաւորումը'' որ հիմնուած  է 1983-ին։

Թուքսթլա Կութիերեզի թեմը

Թուքսթլա Կութիերեզի թեմը հիմնուած է 27 հոկտեմբեր 1964-ին, եւ մետրոպոլիտի հանգամանք ստացած է 2 նոյեմբեր 2006-ին։

Թուքսթլա Կութիերեզը ունի 22 629 քմ տարածք եւ բնակչութեան թիւն է 1,675, 755,  որուն 86 առ հարիւրը կաթողիկէներ են։

Թուքսթլա Կութիերեզի թեմը կազմակերպուած է իր 69 ժողովրդապետութիւններով, 5 եկեղեցիներով կամ միսիոնարական կեդրոններով։ Ան ունի 128 թեմական քահանաներ, 24 կրօնաւոր քահանաներ, 80 կրօնաւորներ, 318 կրօնաւորուհիները, 116 նորընծաներ,

27 դաստիարակչական հաստատութիւններ, 17 բարեսիրական հաստատութիւններ։ Վերջին  տարուան մկրտեալներուն թիւն է 15743։

Թեմին արքեպիսկոպոսն է Գերապայծառ Ֆապիօ Մարթինեզ Քասթիլլա, որ քահանայ ձեռնադրուած է 31 յունուար 1977-ին, ապա Եպիսկոպոսական աստիճանի արժանացած է 13 մարտ 2007ին։

''San Cristobal de Las Casas'' քաղաքը 

San Cristobal de Las Casas քաղաքը  կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2262 մեթր լերան բարձրութեան վրայ։

Ան հիմնուած է 1528-ին­,  ­ համարուած  է Հիւսիսային Ամերիկիոյ առաջին  սպանական տիրապետութեան տակ գտնուող քաղաքը։

Ան նախ կոչուած էր Վիլլարէալ ,  ապա Չուտատ Ռէալ եւ ի վերջոյ  ստացած է   Սան Քրիսթոպալ անունը , որուն կցուած է Կաս Քասաս բառը ՝ ի պատիւ  քաղաքին առաջին  Եպիսկոպոսին եւ  բնիկներուն՝ հնդիկներու  իրաւունքներու պաշտպան կանգնող կղերականին անունին։

Սան Քրիսթոպալ քաղաքը նկատուած է Չիափազ նահանգի մշակութային մայրաքաղաքը։

Քաղաքին բնակչութիւնը կազմուած է զանազան ցեղերու պատկան խումբերէ,։

Արժանէ է նշել նաեւ Սան Քրիսթոպալ քաղաքը անուանի է իր համեղ սուրճի արտադրութեամբ։ 

''Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազասի'' թեմը

Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քասասի թեմը հիմնուած է 15 մարտ 1539-ին։ Անոր  կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւն է 1.339.000։ Թեմը կազմակերպուած է իր 57 ժողովրդապետութիւններով, 5 եկեղեցիներով կամ միսիոնարական կեդրոններով։ Թեմին մէջ կը ծառայեն   67 քահանաներ, 41 կրօնաւորներ, 244 կրօնաւորուհիներ, ապա քահանայական ծառայութեան պատրաստուող 58 ժառանգաւորներ։

Սան Քրիսթոպալի թեմը կը գործէ իր 13 դաստիարակչական կեդրոններով, 19 բարեսիրական հաստատութիւններով։

Թեմին եպիսկոպոսն է Գերապայծառ Ֆելիփ Արիզմենտի Էսքուիվել Եպիսկոպոսը, որ քահանայ ձեռնադրուած է՝ 1 մայիս 1940-ին, ապա եպիսկոպոս՝  7 մարտ 1991-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.