2016-02-15 09:40:00

Փութին Եւ Օպամա դրական գնահատած են Միւնիխի մէջ Սուրիոյ Հարցով հանդիպումին արդիւնքները


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին դրական գնահատած են 11-12 փետրուարին տեղի ունեցած Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի նիստին արդիւնքները:

«Երկու կողմերն ալ դրական գնահատած են 11-12 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի նիստի արդիւնքները, որոնք հաստատած են ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի 2254 կէտով սահմանուած դրոյթները, ինչպէս` մարդասիրական օգնութեան տրամադրման, զինադուլի մեքանիզմներու մշակման, ինչպէս նաեւ իրական քաղաքական հոլովոյթի վերսկսման հարցերու շուրջ», ըսուած է հանդիպումին վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Սպիտակ տունը իր կարգին հաղորդեց, որ Օպամա Փութինին կոչ ուղղած է կասեցնելու Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութեան դէմ ռուսական օդային հարուածները:

Սպիտակ տունը նշեց, որ Օպամա Փութինին նաեւ յայտնած է, որ անհրաժեշտ է մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել Սուրիոյ մէջ պաշարուած շրջաններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.