2016-02-15 09:28:00

Վերապատուելի Թվեյթ-ի խնդակցութիւնը ֆրանչիսկոս Պապի և Քիրիլ պատրիարքի հանդիպումին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''ֆրանչիսկոս Պապի և Քիրիլ Պատրիարքի հանդիպումը պատմական մեծ արժէք ունեցող համամիութենական դէպք մըն է, կու գայ յոյժ պատշաճ ժամանակի մը մէջ, ուր ականատես ենք բազմաթիւ ընդհարումներու ու տագնապներու որոնք պատճառ են բազմաթիւ ցաւերու'' այս բառերով է որ վերապատուելի Olav Fykse Tveit-ը եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Հապանայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը ֆրանչիսկոս Պապի ու Քիրիլ պատրիարքի միջեւ։

Վերոյիշեալ խորհուրդի գնահատումով այս հանդիպումը մեծ քայլ մըն է դէպի համամիութիւն։ ֆրանչիսկոս Պապին երկխօսութեան կամքը օրթոտոքս եկեղեցիներուն հետ ցոյց կու տայ անոր յանձնառումը քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս, որ  է յոյսի նշան, ժամանակի մը մէջ ուր խաղաղութիւնը սպառնալիքի տակ է Սուրիոյ և Ուկրանիոյ ծանր ընդհարումներու հետեւանքով, որոնք կը  յառաջացնեն անհանդուրժելի տառապանք ու ժողովուրդներու զանգուածային տեղահանում։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յոյսով է որ ֆրանչիսկոս Պապի ու Քիրիլ պատրիարքի հանդիպումը խթան մը ըլլայ Եկեղեցիներու, ընկերութիւններու, կառավարութիւններու ու միջազգային հասարակութեան վերանորոգ յանձնառումի` ընդունելու կարիքաւոր գաղթականը, լուծելու ընդհարումները ու նպաստելու խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումին ու մարդկային արժանաւորութեան կերտումին։ Ի մասնաւորի, կ՛եզրափակէ վերապատուելի Թվեյթ, աղօթենք որ այդ հանդիպումը զօրացնէ յոյսի վտիտ նշանները, նուաճելու Սուրիոյ ընդհարումը ու ամոքելու սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.