2016-02-15 09:45:00

Գերապայծառ Ասատուրեանի խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու խորհրդաժողովին։


Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, անցնող շաբաթավերջին Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչներու երկօրեայ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։ Սոյն խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս` Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ անոր արտասանած խօսքը։ 

 

Վեհափառ Տէր,

Վերապատուելի,

Գերաշնորհ, գերապատիւ Հայրեր,

Ազնուափայլ Տիկին Նախարարուհի,

Մեծարգոյ Պարոն դեսպան,

Յարգելի մասնակիցներ  խորհրդաժողովին,

Նախ կ’ուզեմ  արտայայտել իմ ուրախութիւնս ի տես  համահայկական այս համախմբումին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  տան մէջ եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեան  ներքեւ,  ի ներկայութեան  Հայաստանի  Հանրապետութեան  Սփիւռքի  անխոնջ նախարար  Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին, պարոն դեսպանին, լիբանանահայ գաղութի բոլոր բաղկացուցիչներու եւ հարեւան գաղութներու ներկայացուցիչներուն։ Նման ամէն համախմբում, հոս կամ այլուր,   արտայայտութիւնն է  մեր ժողովուրդի   միասնականութեան, որուն առանցքը Հայաստանն է եւ այդ առանցքը զօրացնող երկնառաք ուժը՝ Հայ Եկեղեցին։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարուան ընթացքին ականատես եղանք այս ճշմարտութեան  բազմաթիւ վկայութիւններուն, որոնց մեծագոյններէն մէկը, եթէ ոչ մեծագոյնը հանդիսացաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան նախաձեռնութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-֊րդ տարելիցին նուիրուած  պատմականօրէն յիշարժան Սուրբ Պատարագը զոր  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Ապրիլի 12֊-ին մատուցանեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ, ի ներկայութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին,  Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն եւ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Այս առթիւ Պապին արտասանած խօսքը  դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջի անլռելի ղօղանջը՝  համաշխարհային բեմերէն։

Պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ դարձեալ օտար եւ մասնաւորաբար միջին արեւելեան հասարակութիւններուն ուղղուած  կարեւոր նախաձեռնութիւններ հանդիսացան՝

 1) Մամուլի ասուլիսը  որ տեղի ունեցաւ 29 Յունուարին տեղեկատուութեան կաթողիկէ Կեդրոնին մէջ, մարոնիթներու առաջնորդ Փօլ Մաթար եպիսկոպոսին հովանաւորութեամբ, եւ որուն բացումը կատարելով՝ կեդրոնին տնօրէնը՝ Հայր Ապտօ Քասեմ  յայտարարեց  թէ տեղի ունեցածը «իրաւունքի պահանջատիրութեան ասուլիս մըն է«,

2)  Լիբանանի ոչ ֊հայ հասարակութեան սահմանուած  հանդիսութիւնը որ տեղի ունեցաւ 9 Մարտին  NDU  Համալսարանին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու Ժողովի անդամներուն գլխաւորութեամբ Կարդինալ Ռաի Պատրիարքին, եւ որուն ընթացքին խօսք առին  Լիբանանի երկու նախկին նախագահներ,

3) Հայոց  ցեղասպանութեան  մասին աւելի քան հարիւր օտար հեղինակաւոր դէմքերու վկայութիւնները ամփոփող մեծածաւալ հատորին հրատարակութիւնը։

Անուրանալի է, մեծապէս գնահատելի եւ յուսադրիչ  համագաղութային հսկայածաւալ այն աշխատանքը, որուն ականատես եղանք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարուան ընթացքին։  Այդ աշխատանքին մէջ իր ծանրակշիռ տեղն ու դերը ունեցաւ լիբանանահայ գաղութը՝  իր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Կեդրոնական մարմնին ճամբով, ինչպէս նաեւ ազգային ու համայնքային կառոյցներուն նախաձեռնութիւններով։  Անկախ մեր պատրիարքական յանձնախումբին յատուկ ծրագիրներէն, Լիբանանի կեդրոնական մարմինը մեր ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը վայելեց, նկատելով որ ան հանդիսացաւ արտայայտութիւնը լիբանանահայութեան միասնական կամքին։  Արդարեւ,   ողջունելի էր մասնաւորաբար իր աշխատանքը համազգային  հովանաւորութեամբ  ծաւալելու  Կեդրոնական Մարմնին նախանձախնդրութիւնը։

Այդ աշխատանքին, անոր արդիւնքին եւ յառաջացուցած արձագանգին ամփոփումը զոր հրաւիրուած ենք կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին Լիբանանի Կեդրոնական մարմնին հրաւէրով՝ աւարտ մը չենթադրէր անշուշտ,  այլ նոր մեկնարկի մը ազդանշանը, որովհետեւ ինչպիսին ալ ըլլայ  այդ ամփոփումին ու հաշուեկշիռին պատկերը,  այն ինչ որ կատարուեցաւ հարիւրամեակի տարուան ընթացքին՝  Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցը ու անոր հետապնդումը անդառնալի ու անշրջելի հունաւորումի մը վրայ դրաւ ո՛չ միայն մեզի՝ Հայութեան համար, այլ միջազգային հասարակութեան համար, ինչպէս ցոյց կու տան  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հետապնդուող Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը եւ հայկական պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու սահմանուած նախաձեռնութիւնները։ Իբրեւ տիպար եւ յառաջապահ գաղութ, ինչպիսին եղած է միշտ լիբանանահայութիւնը, կոչուած ենք նոր ու գիտական որակ տալու հարիւրամեակով սկսուած աշխատանքին, համահայկական  խորհրդակցութեան մը ծիրէն ներս ճշդուած ուղղութիւններով ու դերերու բաժանումով։  Միաժամանակ կոչուած ենք, եւ մեզի հետ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը,  մեր առանցքային ուշադրութեան առարկան պահելու  ամէնէն լայն հասկացողութեամբ հայապահպանութեան եւ յանձնառու սերունդներ կերտելու  հրամայական  խնդիրը, որմէ մեծապէս կախեալ է մեր ազգային  հիմնահարցերու հետապնդումին յաջողութեամբ պսակումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.