2016-02-14 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Էքաթեփեք քաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 14 փետրուարին, Մեքսիքոյի ժամով  առաւօտեան  11.30-ին (Հռոմի ժամով յետմիջօրէին, 6-30ին), Մեքսիքոյի  Էքաթեփեք քաղաքի  բարձրագոյն վարժարաններու կեդրոնատեղիին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայաետ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ հազարաւոր Մեքսիքացի հաւատացեալներուն ներկայութեամբ ։

Այս առթիւ  Սրբազան Հայրը քարոզը կեդրոնացուց Քառասնորդաց Պահքի շրջանի վրայ` որպէս դարձի եւ խղճի քննութեան  ժամանակաշրջան մը ։Քառասնորդացը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ   բարեպատեհ շրջան մըն է  վերագտնելու համար Աստուծոյ զաւակները ըլլալու ուրախութիւնն ու յոյսը։ Աստուած մեծ ընտանիքի Հայր մըն է եւ  բոլորս Անոր  զաւակներն ենք.։

Քառասնորդաց շրջանը  դարձի գալու ժամանակն է , որովհետեւ բոլորս ամէն օր  ենթակայ ենք խաբկանքի աստուծոյ փորձութիւններուն։  Չարը կը փորձէ  մէկը միւսը իրարմէ բաժնել, ստեղծելով բաժնուած հասարակութիւնը քիչերէ կազմուած եւ քիչերու վերապահուած ընկերութիւն մը

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ մեծ պահքի շրջանը , ժամանակն է  նաեւ դիմակազերծելու  քրիստոնեայի մը երեք  փորձութիւնները՝ որոնք կը համապատասխանեն  Աստուածորդւոյն`   անապատի մէջ ենթարկուած  միեւնոյն երեք փորձութիւններուն`   հարստութիւն, սնապարծութիւն, եւ ամբարտաւանութիւն։ Փորձութիւններ որոնք կը փորձեն խախտել եւ գրաւել Աւետարանի թարմութիւնն ու  ուրախութիւնը որոնք մեզ փակել կու տան մեղքին եւ կործանումին շրջագիծին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ուստի հրաւիրեց հարց տալու թէ  մեր կեանքին մէջ  ինչքանով գիտակից ենք սոյն երեք  փորձութիւններուն ներկայութեան,  թէ ինչքանով մենք վարժ դարձած ենք ունենալու կեանք մը հիմնուած հարստութեան, սնապարծութեան եւ հպարտութեան վրայ­  ինչքանով կը հաւատանք որ ուրիշին հանդէպ հոգատարութիւնը՝ օրուայ հացը ճարելու համար եւ ուրիշին արժանապատուութեան ի սպաս աղբիւր է ուրախութեան ու յոյսի։ Ապա հաստատեց ''Մենք ընտրեցինք Յիսուսը եւ ոչ թէ սատանան. Կ՝ուզենք հետեւիլ Անոր հետքերուն, գիտակցելով թէ դիւրին չէ։ Ասոր  պատճառաւ է որ եկեղեցին  մեզի կը շնորհէ  քառասնորդաց շրջանը, որուն ընթացքին  կը հրաւիրէ մեզ ապաշխարութեան,  ունենալով միակ ճշմարիտ հաւաստիութիւնը թէ Ինք (Աստուած) մեզ կը սպասէ եւ  կ՝ուզէ բուժել մեր սրտերը, զայն  ստորադասող իրողութիւններէն։  Աստուած որ անուն մը ունի որ է ''Ողորմութիւն''։

Անոր անունը մեր հարստութիւնն է ինչպէս նաեւ Մեր համբաւն ու մեր իշխանութիւնը։

Թող այս սուրբ զոհին մէջ Սուրբ Հոդին նորոգէ մեր մէջ վստահութիւնը , թէ Աստուծոյ անունը ողորմութիւն է եւ թող ամէն օր մեզի փորձարկել տայ Աւետարանը եւ լիացնէ սրտերն անոնց որոնք կը հանդիպին Յիսուսին որուն հետ եւ որուն մէջ միշտ կը ծնի ու կը վերածնի ուրախութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.