2016-02-14 15:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Կուատալուփի Տիրամօր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քեզի նայիլ պարզապէս Մայր, բաց պահելով աչքերս, Քեզի նայիլ ամբողջութեամբ առանց բառ մը ըսելու....'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, 14 Փետրուարի հրապարակած թուիթը որուն մէջ կը մատնանշուի Քահանայապետին Կուատալուփի Տիրամօր ուղղած սրտաբուխ եւ անխօս աղօթքին։ Դիտել Աստուածամայրը ու վայելել Անոր ներկայութիւնն ու հայեացքը մեր վրայ։

Կուտալուփի Տիրամայրը հրաշալի ազդեցութիւն մը ունի Մեքսիքացիներու ու համայն լատինամերկացի ժողովուրդներու վրայ որոնք Անոր նկատմամբ մեծ ջերմեռանդութիւն ունին։ Արդարեւ կ՛ըսուի թէ մեքսիքացիները ամբողջութեամբ կաթողիկէ չեն սակայն ամբողջութեամբ Կուատալուփցի են։ 

Կուատալուփի Տիրամօր նկատմամբ անոնց ժողովրդային ջերմեռանդութիւնը կը զարմացնէ շատեր ու Քահանայապետը այս մասին արտայայտուելով հաստատեց թէ ''այս մէկը խորհուրդ մըն է, խորհուրդ մը` որ միշտ այժմէական է'' եւ Մեքսիքօ կատարած այցելութեան ընթացքին արտասանած բոլոր ճարերուն մէջ Նորին Սրբութիւնը միշտ կը մատնանշէ Կուատալուփի Տիրամօր  ու յաճախ կը մէջբերէ Անոր` Խուան Տիեկոյի ուղղած խօսքերը ''Մի վրդովիր, միթէ ես `որ քու Մայրդ եմ քու մօտդ չե՞մ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.