2016-02-14 11:40:00

Մեքսիքոյի մէջ, 14 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ ''Էքաթեփէք'' քաղաքն ու թեմը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, 14 Փետրուարին կ՛այցելէ  ''Էքաթեփէք'' քաղաքն ու թեմը որուն բնակչութեան 83 առ հարիւրը (1.990,000) կաթողիկէ են եւ ուր 97 ժողովրդապետութիւններու մէջ կը ծառայեն 139 քահանաներ։ 

Սրբազան Հայրը` 14 փետրուարի առաւօտեան 9-ին (հռոմի ժամով 16-ին) օրակարգը կը սկսի Մեքսիքոյի առաքելական նուիրակութեան մէջ հանդիպում ունենալով նուիրակութեան մէջ գործող աշխատաւորներուն եւ նուիրակութեան բարերարներուն հետ ապա կ՛ուղղուի քաղաքի ''զինուորական'' կեդրոն ուր` ինքնաթիռով կը փոխադրուի ''Էքաթեփէք'' ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ ետք կը ժամանէ ''Էքաթեփէք''ի ինքնաթիռի կայան ուր զինք կը դիմաւորեն տեղւոյն եպիսկոպոսը` գերապայծառ Օսքար Ռոպերթօ Տոմինկէզ Քութթոլէնք եւ տեղական պատկան իշխանութիւնները, մինչ շրջանի քաղաքապետը, որպէս բարի գալուստի արտայայտութիւն,­ Ֆրանչիսկոս Պապին կը յանձնէ քաղաքին բանալիները։

Նորին Սրբութիւնը ապա ''Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով'' շրջանը կը կատարէ հաւատացեալներու միջեւ ուղղուելով ''Էքաթեփէք''-ի բացօթեայ լայնածաւալ տարածք ունեցող ''Բարձրագոյն ուսումներու կեդրոնը'' ուր Եկեղեցւոյ գործունէութեամբ յանձնառու աշխարհականներու եւ բազմահազար ընտանիքներու ներկայութեան եւ մասնակցութեամբ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Սուրբ Պատարագէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը սիրոյ սեղանի հիւրը կը հանդիսանան ''Էքաթեփէք''ի թեմական նորընծայարանին։

Յետմիջօրէի ժամը 4,35-ին (Հռոմի ժամով 23,35-ին) Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով ''Էքաթեփէք'' թեմէն ինքնաթիռով վերադարձ կը կատարէ Մեքսիքօ քաղաք` ուր այցելութիւն կը կատարէ մանկաբուժական ''ֆետերիքօ Կոմէզ'' հիւանդանոցին  հանդիպում ունենալով այնտեղ խնամուած մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի անձնակազմին ու բարերարներու մարմնին հետ։

Մանկաբուժարանի տուած այցելութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛աւարտէ Մեքսիքօ կեցութեան երրորդ օրուայ յայտագիրը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.