2016-02-14 10:12:00

Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներուն Քահանայապետը կը յորդորէ ''Հովուական Դարձ''


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքօ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրնաչիսկոս Պապը` 12 փետրուարի կէսօրին (Հռոմի ժամով շուրջ 19-ին), հանդիպում ունեցաւ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներուն հետ ու հանդիպման ընթացքին անոնց ուղղեց երկարաշունչ ճար մը որուն մէջ ընդգծեց եպիսկոպոսի ու եկեղեցւոյ առաքելութեան յատկանշական կէտերն ու անոնց կարեւորութիւնը։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը նախ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս հանդիպումը կայացած էր Կուատալուփէյի Աստուածածնի սրբավայրին մէջ, որ յատուկ նշանակութիւն ունի Մեքսիքոյի հաւատացեալներուն համար։ Ան անդրադարձաւ ապա Մեքսիքոյի մէջ աւետարանման պատմութեան, որ կը տարածուի դարերու հոլովոյթին։ Երկիրը ունեցած է վշտաբեկ պատմութիւն մը, որ ընթացած է արիւնահեղութեամբ եւ բռնութեամբ։ Հետեւաբար ժողովուրդը կարիքն ունի եպիսկոպոսներու յատուկ խնամքին. կարիքն ունի մայրական եւ բեղուն «արգանդի» մը. «արգանդի» մը՝ ուր ժողովուրդը, եւ յատկապէս անոնք, որոնք հարկը կը զգան պաշտպանութեան, այնտեղ գտնեն իրենց ապաստանը։ «Արգանդ» մը, որ ըլլայ բեղուն՝ ինչպէս անցեալին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց 16րդ դարու առաքեալները, որոնք Մեքսիքոյի բնածին ժողովուրդի կողմէ միշտ յիշուած են իբր Հայրեր։ Ներկայի յեղաշրջումներուն եւ մարտահրաւէրներուն ի տես, եպիսկոպոսները պէտք է նորոգ կերպով անդրադառնան բոլորը ընդգրկող «արգանդի» մը հարկաւորութեան, նմանելով երկրի առաջին առաքեալներուն եւ հայրերուն օրինակին, ունենալով անոնց իմաստուն եւ համեստ հաստատակամութիւնը։ Այս առաքելութիւնը պէտք է կատարուի խարսխուած աստուածային սիրոյն մէջ, ինչպէս Աստուածածինը, որուն սրբավայրին մէջ կը կայանայ հանդիպումը, կը սորվեցնէ մեզի՝ թէ միակ ոյժը, որ կրնայ սրտերը գրաւել, Աստուծոյ քնքշութիւնն է։ Լոկ աստուածային ամենակարող սիրոյն փափկութիւնը կրնայ յաղթանակել եւ ազատագրել մարդը։ Սրբազան Հայրը յորդորեց եպիսկոպոսները, ըլլալ պարզ, թափանցիկ եւ լուսաւոր. որովհետեւ եկեղեցին պէտք է գործէ լոյսի, եւ ոչ խաւարի մէջ։ Յորդորեց եպիսկոպոսները՝ ըլլալ արթուն իրենց ժողովուրդի աղաղակին հանդէպ։

Մեքսիքոն, միակ երկիրն է, որ ունի «աղաղակի» տօնը, անկախութեան տօնը, որ կը կատարուի սեպտեմբերի 16ին։ Ժողովուրդի աղաղակին պէտք է պատասխանել՝ ցոյց տալով թէ Աստուած մօտ է անոր՝ Քրիստոսի միջոցաւ -ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յատուկ անդրադարձ կատարեց  երիտասարդներու մասին, որոնք պէտք է ըլլան մտահոգութեան առարկայ, որովհետեւ բազմաթիւ են աշխարհի մատուցած բացասական ազդեցութիւնները։ Քահանայապետը շեշտեց, որ եպիսկոպոսները մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերեն նաեւ բնիկ ժողովուրդին որոնք ստէպ կոտորածներու ենթակայ եղած են։ Արթնութեան կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն, յորդորելով որ զգուշանան նոր հարցադրումները դիմագրաւել հին պատասխաններով։ ''Անցեալը հարուստ աղբիւր մըն է, կրնայ ներշնչել ներկան եւ լուսաւորել ապագան. սակայն պէտք չէ քնանալ դափնեպսակներու վրայ, այլ պէտք է ժառանգութիւնը պահել մշտական եւ մնայուն աշխատանքով '' խրատեց Սրբազան Քահանայապետը դրուատելով եպիսկոպոսներու տարած աշխատանքները, յատկապէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովէն ասդին։ Ան ապա հարկաւոր նկատեց, որ անխոնջ կերպով յառաջ տարուի աւետարանումի աշխատանքը եւ հաւատքի խորացումը՝ մնայուն կազմաւորման աշխատանքով, առանց սայթաքելու անտարբերութեան եւ յաղթանակողի յաւակնոտութեան մէջ։ Որպէսզի եպիսկոպոսները կարենան քարոզել եւ խօսիլ Աստուծոյ մասին, պէտքէ է միշտ իրենց սրտին մօտիկ պահեն քահանաները, իրենց անմիջական գործակիցները։ Անոնք ժողովուրդին համար պէտք է ըլլան միութեան եւ միասնութեան անխոնջ մշակներ՝ առանց վհատելու դժուարութիւններու դիմաց եւ ճիգ չխնայելով առաքելական եռանդին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներու յատուկ ուշադրութեան յանձնեց կարիքաւորները, որոնք ամենէն աւելի պէտք ունին եպիսկոպոսներու խնամքին։ Ան, գնահատելով միլիոնաւոր գաղթականներու համար տարուած աշխատանքը, մատնանշեց անոնց կարիքներուն։ Անհատներ եւ ընտանիքներ կը գտնուին պանդխտութեան մէջ, եւ կամ անցումով դէպի հիւսիս՝ նոր կարելիութիւններու ձգտումով։ Անոնց կարիքներու ընդառաջումը պէտք է կատարուի նաեւ համագործակցութեամբ ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն հետ։

Սրբազան Պապը նշեց՝ թէ Քրիստոս պէտք է ըլլայ միակ լոյսը եւ կենդանի ջուրի աղբիւրը. Անոր շունչէն կը բխի Սուրբ Հոգին, որ կը պարզէ եկեղեցւոյ նաւակին առագաստները։








All the contents on this site are copyrighted ©.