2016-02-14 12:09:00

Հայր Լոմպարտի՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝ հանդիպեցաւ մէկ միլիոն Մեքսիքացի հաւատացեալներու''


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ`13 փետրուարին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Հայր Ֆետրերիքօ Լոպարտին, Մեքսիքոյի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ ելոյթ մը 7որուն մէջ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքոյի ճամբորդութեան 13 փետրուարի յայտագիրին։

Հայր Լոպմարտի նախ եւ առաջ յայտնեց թէ Նորին Սրբութեան արարողութիւններուն եւ հանդիպումներուն մինչեւ այժմ  մասնակցած են աւելի քան մէկ միլիոն հաւատացեալներ,  ապա կարեւորեց   Ֆրանչիկսոս Պապի Կուատալուփէիի Տիրամօր պատկերին  առջեւ, գրեթէ 20 վայրկեան տեւողութեամբ լռելեան աղօթքի պահը , յայտնելով  թէ  Նորին Սրբութիւնը վստահաբար,  Տիրամօր աատկերին մէջ կը տեսնէ հոգեւոր մեծ ներկայութիւն մը, պատգամ մը որ կը շարունակէ  այժմէական ըլլալ՝ Մեքսիքացիներու կեանքէն ներս։

Հայր Լոպմարտին ապա անդրադարռնալով Նորին Սրբութեան քաղաքական իշխանութիւններուն ու Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումին,

յարեց թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց  յորդորեց ու քաջալերեց ''չի վախնալու'' եւ միշտ ապաւինելու  Կուատալուփէի Տիրամօր պատգամին որ  ստէպ կը կրնկէ այդ հրաւէրը '' մի վախնար, հոս եմ, ես քու հետդ եմ''։

Հայր Լոպարտի զրոյցի աւարտին մատնանշեց նաեւ­ թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ հակառակ իր տարիքին եւ այդ տարիքի բերումով յայտնուած ''դժուարութիւններուն'' , որոնք բնականոն  բնոյթ ունին, կը շարունակէ մեծ խանդավառութեամբ եւ մեծ ուժականութեամբ կատարել առօրեայ գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.