2016-02-13 08:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մեքսիքոյի առաքելութեան առաջին օրուայ յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 13 փետրուար 2016-ի առաւօտեան  9,30-ին (Հռոմի ժամով 16,30-ին) սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մեքսիքօ կատարած 12-րդ միջազգային ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրը Մեքսիքոյի նախագահին տրուած պաշտօնական այցելութեամբ ու  նախագահական պալատին մէջ նախատեսուած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահական պալատ ժամանումին կը դիմաւորուի  նախագահին կողմէ եւ տեղի կ՛ունենայ ընդունելութեան պաշտօնական արարողակարգը` քայլերգերու կատարողութիւն, դրօշի յարգանք ու պատուիրակութիւններու ներկայացում։

Սրբազան Հայրը ապա առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ երկրին նախագահին ու հանդիպման աւարտին նախագահն ու Քահանայապետը կ՛ուղղուին Պալատի պաշտօնական դահլիճ ուր նախատեսուած է հանդիպումը Երկրի պետական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Այս առթիւ` Մեքսիքոյի նախագահը բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ Ֆրանչիսկոս Պապին որմէ ետք խօսք կ՛առնէ Սրբազան Հայրը եւ ներկաներուն կ՛ուղղէ առաքելական ճամբորդութեան առաջին ճառը։

Նախագահական պալատի մէջ կայացած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութենէն ետք ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  տեղական ժամով 11-ին (Հռոմի ժամով 18-ին) կ՛ուղղուի ''Սահմանադրութեան'' հրապարակի մօտ գտնուող Վերափոխման աթոռանիստ Եկեղեցի ուր նախատեսուած է  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանդիպումը Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներուն հետ։ Եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպման աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Առաքելական Նուիրակութիւն ապա յետմիջօրէի ժամը 4-ին (Հռոմի ժամով 23.ին) Ֆրաչիսկոս Պապ կ՛ուղղուի առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնական վայրերէն մին` Կուատալուփի Տիրամօր Սրբավայր, որ կը գտնուի առաքելական նուիրակութենէն 16 քմ հեռաւորութեան վրայ, եւ ուր Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.