2016-02-13 09:28:00

Կուատալուփէի Տիրամօր սրբավայրը


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի մէջ Կուատալուփէի սրբավայրը համարուած է երկրի ամենամեծ եւ ամենակարեւոր սրբավայրը։ Տարեկան աւելի քան  20 միլիոն հաւատացեալներ կ՝այցելեն սրբավայրը։

Սրբավայրը կառուցուած է այն վայրին մէջ , ուր 9-12 դեկտեմբեր 1531-ին Տիրամայրը յայտնուած է հինգ անգամներ  հնդիկ  Ժուան Տիեկօ կոչուած  այր մարդու մը  որ իր հօրեղբօր  հետ  միասին եղած  են երկրին առաջին դարձի եկող քրիստոնեաները՝  1525ին։

Կուատալուփէ անունը, տեղացիներու լեզուով կը թարգմանուի, օձերը յաղթահարող։

Կուատալուփէի Տիրամայրը Մեքսիքոյի պաշտպան սրբուհի հռչակուած է 1737-ին, ապա

1910-ին հռչակուած է  Ամերիկիոյ պաշտպան սրբուհի եւ Կայսրուհի, իսկ  1935-ին դարձած է նաեւ Ֆիլիփինեան կղզիներուն պաշտպան սրբուհին։

Այնուհետեւ Տիրամօր Մայր տաճարին առջեւ կը ծածանին Ամերիկեան երկիրներու եւ Ֆիլիփինեան կղզիներու դրօշակները։

Տիրամօր յայտնութիւնները` հակիրճ պատմական։

1531 թուականի դեկտեմբեր ամսոյն շաբաթ օրով, վաղ առաւօտուն, Սուրբ պատարագի արարողութենէն ետք տուն վերադարձի պահուն , Թէբէյաք կոչուած վայրին մէջ, Խուան Տիեկօ կ՝անսայ թռչուններու հրաշալի ճչոցներ։ Յանկարծ թռչուններու ճչոցը կը դադրի ու  ամենուրէք կը տիրէ  լռութիւն։ Հեռու գտնուող լեռան գագաթը ամբողջութեամբ կը լուսաւորուի եւ Խուան Տիեկօ կը լսէ զինքը անունով կոչող ձայն մը։

Ան հետաքրքրութենէ մղուած կ՝ուղղուի լետան գագաթը եւ հոն ականատես կ՝ըլլայ  Տիրամօր Սուրբ Կողս Մարիամին որ զինք անհամբեր կը սպասէր։ 

Աւանդութեան համաձայն սոյն վայրին մէջ Տիրամայըը  Խուան Տիեկոին երեւցած է  հինգ անգամներ անորմէ խնդրելով որ երթայ թեմի եպիսկոպոսին մօտ եւ կառուցել տալ Տիրամօր նուիրուած տաճար մը։

Խուան Տիէկոն անմիջապէս  կը փութայ տեղւոյն եպիսկոպոսին  մօտ եւ անոր կը յայտնէ իր տեսածն ու լսածը։ Եպիսկոպոսը սակայն չի հաւատար  անոր  խօսքերուն։ Խուան Տիէկոն յուսահատած վիճակի մատնուած կը վերադառնայ տուն եւ այդ  պահուն Տիրամայրը դարձեալ կ՝երեւի անոր եւ իրմէ կը խնդրէ նշաններ տանիլ եպիսկոպոսին։

Տիրամօր երեւման փաստը ։

Տիրամայրը  Խուան Տիեկոյէն  կը խնդրէ , ձմրան ցուրտ եղանակին երթալ լերան գագաթը եւ հոն քաղել փունջ մը ծաղիկներ­ ու զանոնք տանիլ  եպիսկոպոսին։ Հնազանդելով Սուրբ Կոյս Մարիամի խօսքերուն, Խուան Տիեկօ կը կատարէ Տիրամօր խնդրանքը եւ իսկապէս ձիւներով թաղուած լերան գագաթը կը գտնէ եւ կը քաղէ փունջ մը ծաղիկներ եւ կ՝ուղղուի դէպի  եպիսկոպոսին բնակարանը։

Հասնելով Եպիսկոպոսին բնակարանին մօտ, կղերականին  պահակները  թոյլ չեն տար որ Խուան Տիեկոն ներդ մտնէ ու նշմարելով   թէ Խուան Տիեկոն  վերարկուին մէջ բան մը պահած է, կը ստիպեն որ ցոյց տայ ծածկուած առարկան։

Խուան Տիեկօ՝ երկիւղածութեամբ կը բանայ իր  վերարկուն՝  ցոյց տալու համար իր հետ կրած  ծաղիկները, սակայն  փոխանակ  ծաղիկներուն, վերարկուին մէջ կը յայտնաբերուի  ծաղիկներու  պատկերը որմէ  կը բխէր  անուշ բոյր մը։ Այնուհետեւ՝ պահակները Խուան Տիեկոն  կ՝առաջնորդեն եպիսկոպոսին մօտ  ու անոր կը  պատմեն պատահածը։

Եպիսկոպոսը կը հրամայէ Խուան Տիեկոյի ցոյց տալու վերարկուին մէջ գտնուող ծաղիկներուն  պատկերը։

Խուան Տիեկոն կը բանայ  վերարկուն  այս անգամ սակայն ծաղիկները գետին կ՝իյնան ու վերարկուի վրայ կը պատկերացուի Աստուածամօր իւրայատուկ ու գեղեցիկ  պատկեր մը։ Եպիսկոպոսը առ այդ կը խոնարհի եւ կ՛ընդունի Տիրամօր խնդրանքը ու կը հրամայէ Աստուածամօր նուիրուած տաճարի կառուցումը։

Այդ օրուընէ  ի վեր վերարկուին  մէջ պատկերացուած Տիրամօր պատկերը, պահպանուած  է Կուատալուփի Սրբավայրին մէջ եւ կ՛արժանանայ Մեքսիքացիներու եւ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն յատուկ ջերմերանդութեան ու ու մեծարանքին որպէս հրաշագործ պատկեր։ Ասոր համար է որ Ֆրանչիսկոս Պապ եւս ուզեց յատուկ կերպով մեծարել Տիրամօր պատկերը ու անոր մասին անդրադառնալով ըսաւ ''թէ այդ պատկերը խորհուրդ մըն է որ կը նորոգուի ամէն օր''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.