2016-02-12 10:56:00

Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան անկարող է որոշումներ տալու։


ՊՈԼԻՍ.- «Catholic World News» կը հաղորդէ, թէ թրքական յատուկ ատեան մը Փետրուար 10ին հասած է այն եզրակացութեան, որ Ալզհայմըրէ տառապող Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան այսուհետեւ կարողութիւնը չունի որոշումներ տալու, եւ որ անոր պարտականութիւնները կատարելու համար պաշտօնատար մը պէտք է նշանակուի։

Պատրիարքին պարտականութիւնները 2008էն ի վեր վստահուած են պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ ապա պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին, սակայն տարակարծութիւններ կան նոր պատրիարք մը ընտրելու կապակցութեամբ։

Նշենք, որ Նոյեմբեր 2014ին, Ֆրանսիս պապը Պոլիս իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էր Մեսրոպ պատրիարքին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.