2016-02-12 10:01:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին տարեկան դրամահաւաքը Ս﹒ Երկրին ի սպաս:


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան ժողովի կառավարիչը նամակ մը յղած է աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն դրամահաւաք կազմակերպելու դիտաւորութեամբ  Ս﹒ Երկրի ու Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական բոլոր հաստատութիւններուն օգնութեան հասնելու նպատակով։

Այս առթիւ Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին նամակ մը յղած է որուն մէջ նշած է﹒ ''Աւագ Ուրբաթ Օրը օրն մըն է որով կը թուի որ չարը յաղթեց բարիին, այդ օրը կը շարունակէ ապրիլ բռնութեան անվերջ ժամանակը։ Եթէ մեր հայեացքը տարածենք համայն աշխարհին վրայ` անյոյս վհատութեան կը մատնուինք։

Մարդուն սիրտը մտահոգ ու վրդոված է, լոյս, կեանք ու յոյս կը խնդրէ։ Կը խնդրէ ուրիշներու հետ միասնաբար ընթանալ, կը խնդրէ եղբայրակցութիւն։

Այսօրուան դրամահաւաքը հրաւէր մըն է վերարծարծելու մեր մէջ յոյսը։ Դիտելու Ս﹒ Երկիրը որպէս վայրը  փրկութեան։ Այնտեղ են մեր արմատները­, հոն է մեր սիրտը ու մենք պարտական ենք անոնց որոնք այդ հողէն մեկնեցան­ տարածելու Աւետարանը եւ մեր հաւատքը` աշխարհի չորս ծագերուն։

Այդ հողը կը հրաւիրէ մեզ ձեռք տալու հոն ապրող հաւատացեալներուն։ Անոնք կարիքը ունին մեր աղօթքին ու մեր օգնութեան։

Յոբելենական այս տարւոյն ընթացքին հրաւիրուած ենք ցոյց տալու մեր ողորմութիւնը ու մօտիկութիւնը Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն հանդէպ, ըլլան  անոնք գաղթականներ, փախստականներ, արտահաններ, ծերեր­, մանուկներ­, հիւանդներ­, որոնք պէսպէս նեղութիւններ կը կրեն։ Անոնք մեր օգնութեան, զօրակցութեան ու կարեկցութեան պէտքը ունին։

Չենք կարող անտարբեր ըլլալ անոնց հանդէպ։ Աստուած անտարբեր չէ Աստուած բնաւ չթողուր մարդկութիւնը և ասիկա կարելի է դրսեւորել վեհանձնօրէն, ձեռք տալով Արեւելքի մեր եղբայրներուն, կարօտեալներուն, տառապեալներուն ու թշուառականներուն։

Ս﹒ Երկրի դրամահաւաքը մեզ կը կանչէ վաղեմի մեր պարտականութեան` ուրախութեամբ օգնութեան հասնիլ Արեւելքի մեր եղբայրներուն։

Ձեր կատարած բարեգործութեան թող ձեզի ընկերանայ ֆրանչիսկոս Պապին ու Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.