2016-02-11 08:42:00

Լուրտի Տիրամօր տօնը եւ Հիւանդի համաշխարհային Օրը


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մասնաւոր տեղ կը գրաւեն Աստուածամօր երեւումներու որոշ վայրեր, ինչպէս՝ Լուրտը ու ֆաթիման։ Երեւումը յայտնութիւնն է Աստուծոյ, կամ հրեշտակներուն կամ սուրբերուն, այս պարագային Աստուածամօր։ 
Բիրենեան լեռներու ստորոտը 1858-ին ''Լուրտը'' 5000 բնակչութիւն ունեցող աննշան քաղաք մըն էր։ Այդ տարուայ 11 փետրուարին, Պեռնատէթ անունով աղջնակ մը` Մասապիելի քարայրին առջեւ, կը տեսնէ Սպիտակ Զգեստով Տիկինը՝ որ Վարդարան կ՛աղօթէ։ 
14 փետրուարէն մինչեւ 4 մարտ տեղի կ՛ունենան 14 երեւումներ, իսկ 25 մարտին Տիկինը կը յայտնէ իր ինքնութիւնը ''Անարատ Յղացեալ''։1862-ի 18 յունուարին՝ քննիչ յանձնախումբը կու տայ որոշումը, ընդունելով՝ ''Երեւումներու Վաւերականութիւնը''։1966-ին՝ կը մատուցուի առաջին պատարագը եւ 1871-ին կը կատարուի ''Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ'' օծումը։ 
Պերնատէթ Սուպիրու ծնած էր 1844-ին։Հիւանդոտ, գրեթէ անուս, սակայն մաքուր հոգի մըն էր ան, ատակ` ունկնդրելու եւ փոխանցելու՝ ''Աստուածային պատգամը''։ Երեւումներէն ետք, ան կը քաշուի վանք ու կը նուիրուի կրօնաւորական կեանքին։ Կը վախճանի 1879-ին եւ կը սրբադասուի 8 դեկտեմբեր 1933-ին՝ Անարատ Յղութեան տօնին օրը։

11 Փետրուարին կը նշուի նաեւ  Հիւանդներու Համաշխարհային 24-րդ օրը որ այս տարի յատուկ կերպով պիտի տօնախմբուի Նազարէթի մէջ որպէս բնաբան ունենալով ''Յանձնուիլ Մարիամի նման ողորմած Յիսուսին. Ինչ որ ձեզի հրամայէ, կատարեցէք''։

11 Փետրուար 2016-ին կը նշուի նաեւ Վատիկանի Պետութեան ճանաչումին 87-րդ ամեակը։ Արդարեւ 1929-ին Լատերանեան Դաշինքի ստորագրութեամբ Վատիկանը ճանչցուեցաւ որպէս անկախ պետութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.