2016-02-10 07:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քառասնորդացի ''Keep Lent'' համացանցային ծրագրին խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Փոմփէի  թեմի պատկան երիտասարդներու հովուական ծառայութիւնը, քառասնորդաց պահքի շրջանին, մշակած է երիտասարդներուն վերապահուած ''Keep Lent'' համացանցային ծրագիրը, որուն միջոցաւ, ամէն օր առաւօտեան, ցանցի միջոցաւ կը հրատարակուի օրուան Աւետարանական հատուածը ու անոր 1.30 վայրկեան տեւողութեամբ ձայնագրուած մեկնաբանութիւնը։

Վերոնշեալ ծրագիրը մեկնարկեց չորեքշաբթի 10 փետրուարի առաւօտեան, մոխրոց օրուան առթիւ, եւ աւետարանական առաջին խորհրդածութիւնը` լսատեսողական մէկ պատգամով, ներկայացուց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը որ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.

Սիրելի պատանիներ։ Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն, ''զգոյշ եղէք եւ արդարութիւնը մի մատակարարէք մարդոց առջեւ անոնց հիացումին արժանանալու համար....եւ երբ ողորմութիւն ընես փողեր մի հնչեցներ...Հայրդ որ ծածուկը կը տեսնէ քեզ պիտի վարձատրէ։

Աստուծոյ խօսքը մեզի կու տայ շիտակ ուղղութիւնը լաւապէս ապրելու համար քառասնորդացը։

Երբ բարիք ընենք, յաճախ կը փորձուինք գնահատում ու վարձատրութիւն փնտռել` մարդկային փառք։ Սակայն այս մէկը կեղծ վարձատրութիւն է որովհետեւ մեզ կը ցոլացնէ դէպի այն ինչ որ ուրիշները կը մտածեն մեր մասին։

Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ բարիքը ընել պարզապէս որովհետեւ բարի է։ Մեզմէ կը խնդրէ Հօր հայեացքի տակ գտնուիլ միշտ, եւ ապրիլ Անոր հետ յարաբերութեան մէջ եւ ոչ թէ ուրիշներու դատումի յարաբերութեան մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բացայայտելով թէ ''Հօր ներկայութիւնը ապրիլը` աշխարհիկ փառքէն շատ աւելի խոր ուրախութիւն մըն է''։

''Քառասնորդացի մեր այս վարուելակերպը ըլլայ ուրեմն ապրիլ ծածուկ` այնտեղ ուր Հայրը մեզ կը տեսնէ, կը սիրէ ու մեզ կը սպասէ'' յորդորեց Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''արտաքին բաներն ալ կարեւոր են սակայն միշտ ընտրելու ենք եւ ապրելու ենք Աստուծոյ ներկայութեան մէջ''։

Ան ապա հրաւիրեց ''աղօթքով, մահացուցումով ու եղբայրական ողորմածութեամբ ու հեզութեամբ ապրիլ քառասնորդացը որպէսզի ''արժանի ըլլանք Հօր Աստուծոյ վարձատրութեան''։

Բարի քառասնորդաց։ Փոմփէի Տիրամայրը ձեզի ընկերանայ եւ հաճեցէք աղօթել ինծի համար։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.