2016-02-10 09:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ողորմութեան Առաքեալներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ  Ողորմութեան առաքեալներուն հետ, եւ այս առթիւ անոնց յղեց պատգամ  մը , որուն մէջ բացայայտեց Ողորմութեան Առաքեալներ ըլլալու՝ պատասխանատուութեան իմաստը։ Ողորմութեան առաքեալները առաջին կարգին կանչուած են վկաները ըլլալու Աստուծոյ մօտիկութեան ու Անոր ցուցաբերած սիրոյ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ներկաներուն յորդորեց ներդաշնակութեամբ կատարելու իրենց յանձնուած վեհ պատասխանատուութիւնը եւ այս ուղղութեամբ մի քանի խրատներ տուաւ։

Նախ եւ առաջ ցուցաբերել եւ արտայայտել Եկեղեցւոյ մայրութիւնը՝ որովհետեւ Եկեղեցին  Մայր է եւ ստէպ կը ծնի հաւատքի մէջ նոր զաւակներ։ Եկեղեցին  Մայր է որովհետեւ  հաւատք կը սնուցանէ  եւ կը շնորհէ  Աստուծոյ ներումը՝ վերանորոգ կեանք մը յղանալով, որ է արդիւնքը ապաշխարութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ապա՝ վտանգի չենթարկել՝  մեղաւորն ու  մեղքերը զղջացողը , այնպէս որ ան չզգայ Եկեղեցւոյ Մայրական ներկայութիւնը որ զինք կ՛ընկալէ ու կը սիրէ։ Մենք կանչուած ենք ըլլալու Եկեղեցւոյ կենդանի արտայայտութիւնը՝ որպէս Մայր մը, որ կ՛ընկալէ բոլոր անոնք որոնք իրեն կը դիմեն, այն գիտակցութեամբ թէ անոր միջոցաւ մենք մաս կը կազմենք Քրիստոսի։ Խոստովարանին մէջ միշտ յիշենք թէ Քրիստոսն է որ կ՛ընկալէ։ Ան է որ կ՝ունկընդրէ եւ  Քրիստոսն է­ որ ներում կը շնորհէ ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ։ Մենք այլապէս անոր պաշտօնատարներ ենք ու առաջիններն ենք, որոնք ներումի կարիքը ունինք։

Երկրորդ կարեւոր կէտը` նկատել տուաւ Քահանայապետը, գիտնալ նայիլ զղջացողին սիրտին մէջ գտնուող ներում ընդունելու բաղձանքին՝ որ արդիւնքն է շնորհքին, որ թոյլ կու տայ զգալ Աստուծոյ կարօտը, ու կարօտը անոր սիրոյն։ Ամէն մէկ ապաշխարութեան սկիզբը այս իղձը կայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով, թէ սիրտը կը դիմէ Աստուծոյ ճանչնալով գործուած չարը սակայն՝ ներում ընդունելու յոյսով։ Այդ պահը պահն է ուր անձը կը յանձնուի Աստուծոյ ողորմութեան ու լիայոյս է որ իր մեղքերը թողութիւն պիտի ընդունին, ասոր համար այս իղձը ի յայտ դնելու առիթ ստեղծենք, որպէս՝ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի իսկական արտայայտութիւն, որ սրտի ապաշխարանք կը յառաջացնէ։

Երրորդ կէտին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ  ''ամօթխածութեան'' մասին յայտնելով,   թէ դիւրին չէ ներկայանալ ուրիշ մարդու մը առջեւ, խոստովաներու համար գործուած մեղքերը, նոյնիսկ երբ գիտակից ենք, թէ Ան Աստուած կը ներկայացնէ։ Ամօթխածութիւնը ներքին եւ մտերիմ  զգացում մըն է,  որ  խոստովանահօր կողմէ  կը պահանջէ   յարգանքի  եւ քաջալերանքի կեցուացք որդեգրել։

Սրբազան Հայրը  ապա մէջբերեց  Սուրբ Գիրքէն օրինակներ, ուր կը խօսուի ամօթխածութեան մասին, սկսեալ Սուրբ Գիրքի առաջին էջերէն, Ադամ եւ Եւայի ապրած  ամօթխածութիւնը, որոնք իրենց մեղքին պատճառաւ պահուըտեցան  Աստուծոյ դիմաց։   Նոյ Նահապետի  օրինակը (Ծննդ 9,18-23). երբ՝ Ան գինովցած եւ մերկ վիճակի մէջ կը գտնուէր , Անոր զաւակները  վերարկուով ծածկեցին զինքը եւ անոր վերադարձուցին իր արժանապատուութիւնը։

Նոյ Նահապետի Սուրբ գրային հատուածը  ըսաւ Սրբազան Հայրը ինծի նշմարել կու տայ, թէ որքան կարեւոր է մեր դերը խոստովանանքի պահուն։ Մեր դիմաց ունինք մերկ անձ մը, իր տկարութիւններով իր սահմանափակումներով եւ իր մեղաւորի ամօթով։

Չի մոռնանք, թէ  նախ եւ առաջ  մեր առջեւ  չկայ մեղքը այլ ՝ զղջացող անձը, որ կը փափաքի  ողջագուրուիլ  եւ  ներում ընդունիլ,  խոստանալով այլեւս երբեք չի հեռանալ՝  Հօրենական տունէն։   Արդ՝ չենք կանչուած դատապարտելու յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ , որովհետեւ բոլորս մեղաւորներ ենք, այլ  որդեգրելու ենք Նոյ Նահապետի զաւակներուն Սէմ եւ Ժաֆէթի դիրքը` որոնք վերարկուով մը  ծածկեցին իրենց հօր ամօթութիւնը։

Քրիստոսի սրտին համաձայն խոստովանահայր ըլլալ համաչափ է մեղաւորը ծածկել ողորմութեան ծածկոցով որպէսզի՝ ան ամօթ չզգայ ու վերագտնէ որդիական արժանապատուութիւնն ու ուրախութիւնը։

Ողորմութեան առաքեալը իր ուսերուն վրայ կը կրէ մեղաւորը զայն կը մխիթարէ կարեկցութեան ուժով, հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքի աւարտին ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց երկու սուրբերու օրինակներ Սուրբ Փիօ Տա Փիեթրալչինան եւ Սուրբ Լէփոլտօ Մանտիչը։ Անոնք ձեզ պիտի օգնեն ու երբ զգաք ձեզի խոստովանուած մեղքերու ծանրութիւնը ու ձեր անձին սահմանափակումը ,ձեր վստահութիւնը դրէք ողորմութեան վրայ որ սէր է` անհուն ու անսահման։

Թող ձեզի թիկունք կանգնի Ողորմութեան Մայրը ու ձեզ պահպանէ այս ձեր թանկարժէք ծառայութեան մէջ ու ձեզի ընկերանայ իմ օրհնութիւնս եւ բարի հաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր ճառը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.