2016-02-10 10:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը աղօթելու հիւանդներու դիտաւորութեան։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիկսոս Պապ կոչ ուղղեց, հիւանդներու համաշխարհային 24-րդ օրուայ առթիւ։

՝՝Վաղը ըսաւ Քահանայապետը ՝ Լուրտի Սուրբ Կոյս Տիրամօր տօնի օրը ՝ կը նշուի հիւանդներու համաշխարհային 24-րդ օրը, որուն հանդիսութիւններուն մեծագոյնը պիտի կատարուի Նազարէթ քաղաքին մէջ։

՝՝Հիւանդներու համաշխարհային օրուայ այս տարուայ պատգամին մէջ անդրադարձանք Կանայի հարսանիքի ընթացքին Սուրբ Կոյս Մարիամի ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեան։ ՝՝Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի՝՝ (Յովհ 2,5)

՝՝Տիրամօր հոգածութենէն ,  կը ցոլայ Աստուծոյ քնքշութիւնը եւ Ողորմած Յիսուսի անսահման բարութիւնը հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց աղօթել հիւանդներուն համար եւ անոնց ցուցաբերել մեր  սէրը։Տիրամօր միեւնոյն քնքշութիւնը, թող ցոլայ   բազմաթիւ անձերու կեանքի ընդմէջէն, որոնք հիւանդներուն մօտ կը գտնուին ու գիտեն քայել անոնց պահանջները, նոյնիսկ անոն որոնք  աննշմարելի են, որովհետեւ դիտուած են սիրով լի աչքերով








All the contents on this site are copyrighted ©.