2016-02-10 12:13:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Լաւագոյն հիւանդութիւնը

Միա՛յն առողջութիւն ըլլայ…
Ասիկա լաւագոյնն մաղթանքն է  որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը յայտնէ եւ հաճոյքով ալ կ՝ընդունի...

Մարդիկ ՜՜Առողջութեան՝՝ մաղթանքը կը յայտնեն իրարու, նոյնիսկ իրենց ամէնէն ուրախ ու երջանիկ պահերուն: Անոնք կարծէք պահ մը մտավախութիւնը կ՛ապրին յանկարծ յայտնուելիք հիւանդութեան կամ արկածի մը:
Հարսանեկան խրախճանքի երջանիկ առիթով, մէկու մը ձեռք բերած յաջողութեան դիմաց կամ այլ ուրախ առիթներով արտասանուած այս բարեմաղթութիւնը առիթ կը հանդիսանայ անդրադարձ կատարելու մեր կեանքին ու մանաւանդ մեր առողջութեան: Նոյնիսկ ֆիզիքապէս առողջ մարդոց մտածել կու տայ սոյն բարեմաղթութիւնը, թէ աշխարհի մէջ կայ նաեւ հիւանդութիւն, որուն գալուստէն ետք ոմանք կ՛անդրադառնան անոր գոյութեան: Ուրեմն, իրենց կեանքին երբ չէ մօտեցած ցարդ հիւանդութեան այս կամ այն տեսակը, ատիկա կարծէք գոյութիւն չունի այս աշխարհի երեսին, սակայն երբ իրենց մորթին վրայ զգան անոր ցաւը, յանկարծ իրականութիւն պիտի դառնայ անիկա:
«Այնքան ատեն, որ ես առողջ եմ, զիս չի՛ հետաքրքրեր ուրիշին ցաւը» ըսողը մենք կը կոչենք ՜՜եսասէր՝՝։ Նման մօտեցում  նոյնիսկ գազաններու մօտ կարելի չէ գտնել: Հիւանդութիւններու նոր տեսակներ, վարակիչ նոր ժահրերով անսանձ կը տարածուին:
Յառաջադէմ պետութիւններ կամ միջազգային հիմնարկութիւններ երբեմն ահազանգ կը հնչեցնեն ո՛չ թէ անպայման օգնելու նկատառումով, այլ՝ այն վախին դրդապատճառով, որ կրնայ նաեւ նոյն վարակը հասնիլ իրենց երկիրը ու մահուան սուր մանգաղով հնձել նաեւ իր ժողովուրդէն երամներ անմեղ զոհերու:
Հիւանդանոցի մը տրուած կարճ այցելութիւն մը եւ անոր լայն ու հականեխիչ բուրող քանի մը միջանցքներէն երթուդարձը կրնայ գաղափար մը տալ տարբեր տեսակի հիւանդութիւններով տառապող մարդոց մասին: Ոմանց մօտ յոյսի զօրեղ արտայայտութիւններ, իսկ ուրիշներու մօտ մահուան առկախ սարսափը սնարին վերեւ, հիւանդութիւններու թեթեւ ու ծանր տեսակներու մասին կրնայ գաղափար տալ:
Ցարդ համայն մարդկութեան վախ պատճառող հիւանդութեան տեսակները անոնք են, որոնք կա՛մ բուժում չունին, եւ կամ անոնց ժահրին դէմ պայքարելու միջոցը դեռ չէ՛ գտնուած:

Ամէնէն փոքր հիւանդութիւնը ունենալուն, մարդ կասկածամտութեան ու վախի մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի: Բժիշկներուն լաւագոյնը գտնելու համար ոմանք երկրէ երկիր կը թափառին, մէկուն ըսածը միւսին հետ կը բաղդատեն, բժշկագիտական ամէնէն հռչակաւոր համալսարանը աւարտած բժիշկին տուած դեղագիրը կ՛ընդունին իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն, միշտ բաց պահելով իրենց ականջը բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք աւելի լաւ բժիշկ ու դարման պիտի առաջարկեն իրենց, ձերբազատելու համար զիրենք տանջալի մտահոգութենէն՝ իրենց հիւանդութենէն:
«Լաւագոյն հիւանդութիւնը» դրինք որպէս վերնագիր մեր այսօրուայ խորհրդածութեան, անոր համար, որ հիւանդութեան նման ուրիշ երեւոյթներ ալ կան, որոնցմէ կը դժգոհին սովորաբար մարդիկ, սակայն անիրաւօրէն: Այդ երեւոյթներէն մէկն է՝ աղքատութիւնը.  անիկա   անշուշտ իր չափերը ունի, որ անօթութենէն սկսեալ մինչեւ օրապահիկով ապրող մարդոց միջեւ կը տարուբերի: Միշտ աւելի՛ն ունենալու փափաքը մարդկային թերութիւններու շարքին պէտք է դասել, որ երբեմն հիւանդագին երեւոյթի կը վերածուի ոմանց մօտ: Իսկ ունեցածով բաւարարուելու խրատական պատգամները, արդէն սկսած են նկատուելու բարոյախօսութիւն: Վերջապէս, լաւագոյն «հիւանդութիւնը» մեր համեստ կարծիքով աղքատութիւնն է, որը կարելի է բուժել հաւաքական եւ անհատական ճիգերով: Աստուծոյ կողմէ տրուած իմաստութիւնը իւրաքանչիւր անձի, պէտք է գործածել դրական նպատակներ իրականացնելու: Իմացական նոյն շնորհքով այս մէկը կրնայ հարստանալ, իսկ միւսը՝ աղքատանալ… Սա ալ մէկ ուրիշ երեսն է մարդկային դժբախտութեան: Երբ տնտեսելու բնատուր կարողութիւնդ չե՛ս օգտագործեր ժամանակին, աղքատութեան «հիւանդութիւնը» բոյն կը դնէ մէջդ: Սակայն, անյոյս պարագայ չէ՛ քու այդ կացութիւնդ: Անբուժելի չէ՛ աղքատութիւնը: Կը բաւէ միայն, որ ամօթ չհամարես որեւէ աշխատանք ու չյոգնիս կամքդ խթանելէ:
Հիւանդութիւններուն լաւագոյնը աղքատութիւնն է: Ասիկա բազմաթիւ այլ հիւանդութիւններէն աւելի՛ նախընտրելի է, որովհետեւ բժիշկներու դուռը ափ առնելու կարիք չունիս: Անոր դեղագիրը դո՛ւն պիտի գրես, քո՛ւ ձեռագիրովդ:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.