2016-02-10 09:40:00

Հայ-Չինական մշակոյթի օրեր Երեւանի մէջ


Չինական նոր տարուան կամ, ինչպէս յայտնի է, Գարնան տօնի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ առաջին անգամ ողջ Փետրուարի ընթացքին պիտի իրականացուին  հայ-չինական մշակութային օրեր` աւանդական երաժշտութեամբ եւ պարերով: Փառատօնի կազմակերպիչներն են Հայաստանի աւանդական ուշուի ֆետերացիան, «Սանգուան» առողջարարական կեդրոնը եւ Չինական գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնը:

Մշակութային օրերու ծիրէն ներս  նախատեսուած է վեց ձեռնարկ: Ատոնցմէ առաջինը կայացաւ Փետրուար 8-ին` Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան մէջ: Ձեռնարկի ժամանակ Չինական գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Իզապելլա Մուրատեան կը կրէր հայկական եւ չինական նախշերու համադրութեամբ կարմիր զգեստ, եւ, ինչպէս ան նշեց, կարմիրը երկու մշակոյթներուն մէջ ալ ուրախութիւն եւ յաջողութիւն կը բերէ: Ատիկա է պատճառը, որ Չինաստանի մէջ Նոր տարուան կարմիր զարդեր ու հագուստ կը կրեն կամ տան մէջ ինչ-որ կարմիր մասնիկներ կ’ունենան: Ան չինարէն կատարեց օտարութեան մէջ յայտնուած տղուն մասին «Մամա, այդ ես եմ» կոչուող ստեղծագործութիւնը, որուն հերոսը, ինչպէս պանդխտութեան մէջ յայտնուած հայերը, կը ձգտի միայն տուն:

Ցուցադրեցին չինական ազգային պարեր եւ բեմը տրամադրեցին Գագիկ Գինոսեանին ու անոր խումբի տղաներուն` հայկականը ներկայացնելու եւ ներկաներուն ալ պարային շարժումներ սորվեցնելու համար: Ձեռնարկի աւարտին գրեթէ բոլորը կը պարէին, իսկ Հայաստանի աւանդական ուշուի ֆետերացիոյ նախագահը շտապեց նշելու, որ ձեռնարկներու շարքը կը շարունակուի:

Ծրագիրը կը ներառէ «Ստեղծէ քու ուրոյն գեղագրութիւնը» խորագիրով ձեռնարկ, չինական թէյախմութիւն եւ հայկական խոտաբոյսերու թրմերու համտեսում, հնագիտական գտածոներու եւ պատմական փաստերու վրայ հիմնուած փաստագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն, չինական մեհենագիրի (hieroglyph) եւ հայկական տառատեսակներու խորհուրդի մասին դասախօսութիւն եւ ձեռնարկ` «Հայկական ռազմապարերը` մշակոյթ եւ ռազմական ոգի» խորագիրով: Վերջինիս ժամանակ կը պատրաստուին ներկաներուն սորվեցնել ուշուի ինքնապաշտպանական հնարքներ: «Մարդ պէտք է առողջ ըլլայ եւ՛ հոգով, եւ՛ մարմնով, որովհետեւ տկար մարդը աւելի նախանձ եւ չարամիտ է, իսկ առողջը պատրաստ է կռուելու, յաղթելու ու առաջ երթալու»,- նշեց ուշուի ֆետերացիոյ նախագահ Տիգրան Չօբանեան:

Ան աւելցուց, որ ծրագիրը նպատակ ունի համեմատելով այս երկու ընդհանրութիւններ ունեցող մշակոյթները` ցոյց տալ հայկական մշակոյթի ողջ հարստութիւնն ու աշխարհի մէջ ունեցած ատոր ուրոյն տեղը, ինչ որ, անոր կարծիքով, շատ յաճախ մենք  չենք գիտակցիր:

Քաղուած՝  ՝՝Հայերն Այսօր՝՝-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.