2016-02-09 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Քափուչին Միաբանութիւններու մասնակցութեամբ սուրբ պատարագին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 9 փետրուար 2016-ի առաւօտեան կանուխ, Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ հանդիսապետեց սուրբ պատարագի արարողութեան որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Քափուչին կրցեր եղբայրներու միաբանութեան անդամները։

Այս առթիւ անոնց արտասանած սրտաբուխ քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Քափուչին միաբանութեան աւանդութեան ու առաքելութեան հաստատելով թէ անոնց աւանդութիւնը ''ներում'' է` ներում շնորհելն է, որովհետեւ անոնց շարքին կան լաւ խոստովանահայրեր որոնք իրենք զիրենք մեղաւոր կը զգան ու շարունակաբար կ՛աղօթեն Տիրոջ` անորմէ հայցելով մեղքերու թողութիւն։ Իսկ անոնք որոնք կը մոռնան ներումի այս պահանջը. ըսաւ Քահանայապետը. կամաց կամաց կը մոռնան զԱստուած ու չեն գիտեր ներում հայցել ու ներում շնորհել։

''Ան որ ինքզինք մեղաւոր կը զգայ խոնարհ ու հեզ է եւ Խոստովանարանին մէջ գիտէ ներում շնորհել իսկ ան որ ինքզինք ''վարդապետ'' ու ''անբիծ'' կը համարէ գիտէ միայն դատապարտել'' ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ Ինք կը խօսի որպէս եղբայր ու ներկաներուն միջոցաւ իր խօսքը կ՛ուղղէ համայն խոստովանահայրերուն, յատուկ օրէն այս տարի` որ է Ողորմութեան Տարին։

Խոստովանարանը եղած է ներում շնորհելու համար յարեց Ֆրանչիսկսո Պապ աւեցլնելով` ''եթէ մէկը չի կրնար թողութիւն շնորհել թող իմանայ թէ անձը որ եկած է խոստովանելու կը փնտռէ սրտի անդորրութիւն ու ներում։ Ան կ՛ուզէ գտնել հայր մը` որ զինք կ՛ողջագուրէ ու անոր կը հասկցնէ թէ Աստուած կը սիրէ զինք''։

Դուք ըսաւ ապա Քահանայապետը ունիք Տիրոջ այս առանձնաշնորհեալ պարգեւը ` ներել։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ երբեք մի յոգնիք ներելէ եւ եղէք ներումի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան անձինք։ 

Անձ մը խոստովանարան կը մօտենայ որովհետեւ ծանրութիւն մը ունի իր մէջ որմէ կ՛ուզէ ազատուիլ եւ որովհետեւ կ՛ուզէ փոխել իր ընթացքը հարկաւոր է առ այդ ունենալ մեծ ու լայն սիրտ մը։ Ներումը սերմ մըն է, Աստուծոյ շոյանք մըն է։ Առ այդ եղէք վեհանձն ներում արձակողներ։

Քահանայապետը ապա սրտաբուխ քարոզը աւարտեց թելադրելով որ այն քահանաները որոնք իրենք զիրենք պատրաստ չեն զգար ներում շնորհելու թող հեզութեամբ ընդունին իրենց այս սահմանափակումը ու խոստովանարան չի նստին, որովհետեւ խոստովանանքի խորհուրդը լաւապէս կատարելու կարողութիւնը չունին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.