2016-02-08 10:25:00

Օր Մոխրոց Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ


8 փետրուար 2016, երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 9-ին Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ յատուկ արարողութեամբ եւ սուրբ Պատարագով նշուեցաւ Օր Մոխրոցը,  նախագահութեամբ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանին։ Եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան հրաւէրով  սուրբ Պատարագին եւ Մոխրոցի Օրուան արարողութեան ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ տիկնանց եւ եկեղեցասէր միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Օրհնելէ ետք մոխիրը, գերապայծառ հայրը մատուցանեց սուրբ Պատարագը մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ օգնական ժողովրդապետ արժանապատիւ տէր Կաապետ քհնյ. Թադէոսեանի։ Երգեցողութիւնը միաբերան կատարեցին ներկայ հաւատացեալները, մինչ ժողովրդապետ հայրը կը մեկնաբանէր  սուրբ Պատարագը։

Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ,Գերապայծառ Ասատուրեան նշեց որ երբ կը թեւակոխենք Քառասնորդացը, որ նշանակալից շրջան մըն է քրիստոնեայի կեանքին մէջ, պէտք է գիտակցինք ծոմապահութեան նշանակութեան։ Ինչո՞ւ ծոմ, հարց տուաւ ան։  Որպէսզի մօտենանք Աստուծոյ, սուրբ Խորանին եւ մանաւանդ Հաւատքին։ Որպէսզի դիմադրենք փորձութիւններուն։ Մենք զմեզ զրկենք աշխարհիկ հաճոյքներէն ու զբօսանքներէն։ Որպէսզի ներել սորվինք՝ մանաւանդ Ողորմութեան այս տարուան ընթացքին, այնպէս ինչպէս Աստուած սորվեցուցած է մեզի։ Ներողամտութեամբ նայինք այլոց յանցանքին։ Մոռնանք քէնն ու ոխը եւ այսպէսով տարածենք ողորմութեան ոգին, որպէսզի օգնենք աստուածաշնորհ խաղաղութեան վերահաստատումին։ Ապա գերապայծառը շեշտեց  աղօթքին կարեւորութիւնը,  սուրբ Աւետարանը, աղօթագիրք ու մտածական ընթերցելու, եւ վերջապէս, Աստուծոյ երկրպագութիւն կատարելու, խոնարհելու անհրաժեշտութիւնը։ Այսպէսով, Մեծ Պահքը կը դառնայ  մեր մտքին ու հոգիին անդորրութիւնը վերագտնելու եւ Աստուծայ հետ մեր մտերմութիւնը վերահաստատելու առիթ մը։

Սուրբ Պատարագէն ետք, գերապայծառ տէրը օրհնուած  մոխիրով խաչակնքեց ներկայ հաւատացեալներուն ճակատները որպէսզի խորհրդանշաբար յիշեն թէ մոխիր էին եւ մոխիր պիտի դառնան։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած պատշաճ հիւրասիրութեան մը ընթացքին, ներկաները շնորհաւորեցին գերապայծառ տէրը եւ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.