2016-02-06 11:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Փատրէ Փիոյի աղօթքի եղբայրութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 6 փետրուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, յատուկ ունկնդրութիւն մը շնորհեց Փատրէ Փիոյի աղօթքի եղբայրութիւններու անդամներուն որոնք մեծ թիւով ժամանած էին Վատիկան` Սուրբին անաղարտ մարմնի Սուրբ Պետրոսի մէջ զետեղման եւ եղբայրութիւններու Յոբելենական ուխտագնացութեան առթիւ։

Հրապարակային ունկնդրութիւնը սկիզբ առաւ հոգեւոր երգեցողութիւններով, վկայութիւններով եւ խորհրդածութիւններով, հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ մուտք գործեց հրապարակ եւ հրապարակի շրջանը կատարեց ողջունելով այնտեղ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները որոնց ապա ուղղեց իր սրտի խօսքը որուն սկիզբը բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ. ''Դուք այսօր հոս ժամանած էք զանազան երկիրներէն եւ շրջաններէն, համախմբուած Սուրբ Փիօ Տա Փիեթրալչինայի հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյ եւ երախտագիտութեան միջոցաւ, որովհետեւ Ան ձեզ օգնեց վերագտնելու կեանքի գանձը որ է Աստուծոյ Սէրը եւ փորձարկելու Տիրոջ ողորմութեան ու ներումի գեղեցկութիւնը''։

''Կրնանք վստահաբար հաստատել թէ Փատրէ Փիոն եղաւ Ողորմութեան ծառայ­, եւ խոստովանանքի  խորհուրդի միջոցաւ դարձաւ Աստուծոյ կենդանի քնքշութիւնը որ կը բուժէ մեղքի վէրքերը եւ կը դարմանէ սիրտը` անդորրութեամբ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց ''Սուրբ Փիոն երբեք չի յոգնեցաւ` ընկալել ու մտիկ ընել մարդոց, ու իր ժամանակը յատկացնել` ամենուրէք տարածելով Աստուծոյ ներումի բոյրը։ Ան կարող էր այս մէկը ընել որովհետեւ կառչած էր աղբիւրին եւ շարունակաբար կը յագենար Խաչեալ Յիսուսէն, դառնալով ողորմութեան միջոց։ Ան ապրեցաւ սիրով նուիրուած տառապանքի խորհուրդը, այնպէս որ իր փոքրիկ կաթիլը դարձաւ ողորմութեան հոսք որ անապատ սրտերը ոռոգեց եւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ստեղծեց կեանքի ովասիսներ''։

Սուրբ Փիոն աղօթքի եղբայրութիւնները որակեց ''հաւատքի ծաղկոցներ ու սիրոյ օճախներ''։ Աղօթքը  արդարեւ իսկական առաքելութիւն մըն է ու համայն մարդկութեան կը տանի սիրոյ կրակը։

Փատրէ Փիոն ըսած թէ աղօթքը ''աշխարհը շարժող ուժ մըն է'' որ ''կը տարածէ ժպիտը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը''.

''Աղօթքը հոգեւոր ողորմութեան ներգործութիւն մըն է որ կ՛ուզէ ամէն ինչ տանիլ Աստուծոյ սրտին։  Հաւատքի ու սիրոյ պարգեւ մըն է որուն կարիքը ունինք հացի նման'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու մէջբերեց Փատրէ Փիոյի խօսքը ''աղօթքը մեր ունեցած լաւագոյն զէնքն է, բանալի մը` որ Աստուծոյ սիրտը կը բանայ'' Ան եկեղեցւոյ ամենամեծ ուժն է որ պէտք չենք անտեսել որպէսզի այլուր չդարձնենք մեր ուշադրութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց աղօթքի առաքելութիւնը եւ ըլլալու միշտ աղօթքի ուրախ առաքեալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց Փատրէ Փիոյի ''Տառապանքի ամոքումի Տուն'' վաթսուն տարիներ առաջ կառուցած հիւանդանոցին, հաստատելով թէ կարեւոր է հիւանդութիւնը խնամել ու յատկապէս կարեւոր է հոգ տանիլ հիւանդին, մարմնական եւ հոգեւոր վէրքերը խնամելով''։

Հայցենք շնորհքը ճանչնալու Քրիստոսի ներկայութիւնը հիւանդ ու տառապող անձերու մէջ որովհետեւ հիւանդը, ինչպէս կ՛ըսէր Փատրէ Փիոն, Յիսուսն է։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց որ բոլոր անոնք որոնք կ՛այցելեն Փատրէ Փիոյի քաղաքը կարենան հանդիպիլ նաեւ Երկնային Լոյսին ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.