2016-02-06 08:45:00

Հիւանդին համաշխարհային օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելեանի ծիրէն ներս, Հիւանդի համաշխարհային օրը, այս տարի պաշտօնապէս կը կատարուի ս﹒ Երկրին մէջ, ուր 6-13 Փետրուար ամէն օր, Ս﹒ Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը պիտի նախագահէ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամասութիւնները։

Չորեքշաբթի օրը Քառասնորդացի ապաշխարանքի երեկոյեան արարողութիւնը կը կատարուի բիւզանդական ծէսով։ Այդ օրը պիտի կատարուին երեք խորհուրդներ` ս﹒ Պատարագը, ապաշխարութեան խորհուրդը եւ հիւանդայց օծումը։

Իսկ մոխրոց օրուայ ծիսակատարութիւնը նախատեսուած է Գեթսէմանիի մէջ նախ ապաշխարանքի ներգործութեամբ եւ ապա մոխիրի օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.