2016-02-06 11:55:00

Բուն Բարեկենդան Ա. Կիրակի Քառասնորդաց Մուտն Ադամայ ի դրախտն


Մեծ Պահքը Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնի պատրաստութեան շրջանն է։ Օրուան շարականին մէջ կերգենք՝ «Եկէ՛ք Քրիստոսի հաւատացողներ, պահք բռնենք ուրախութեամբ, Անմահին հետ միասին հրաժարելով մեղքէն՝ որպէսզի Անոր յարութեամբ՝ արդարօրէն կենդանանանք։»

Այս պատրաստութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալներ, աշխարհի չորս կողմ կը կատարեն ապաշխարութեամբ։ Ապաշխարութիւնը հոգիի մաքրումն է – գիտակցիլ մեր տկարութիւններուն եւ մեղքերուն, զղջալ եւ դառնալ դէպի Հայր Աստուած՝ անառակ որդիի նման։ Ապաշխարութիւնը կը կատարուի աղօքով, պահքով, հոգեւոր եւ մարմնական բարի գործերով։ Ի՞նչպէս պէտք է կատարենք այս բոլորը։ Յիսուս մեզ կը յորդորէ՝ «զգոյշ եղէք, ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ մի կատարէք, անոնց ցոյց տալու նպատակով», (Մտթ. Զ. 1) «երբ կʼաղօթես, կեղծաւորներու նման մի՛ ըլլար, որոնք բազմութեան մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կը կատարեն իրենց աղօթքը՝ որպէսզի մարդոց երեւին», (Մտթ. Զ. 5) «երբ պահք կը բռնէք, կեղծաւորներու նման տրտում մի ըլլաք, որոնք իրենց երեսը կը խոժորեցնեն», (Մտթ Զ. 16) «գանձեր մի դիզէք երկրի վրայ, այլ երկնքի մէջ»։ (Մտթ Զ. 19-20) Ահա Յիսուսի կոչը իրեն հետեւողներուն, որ մեզի կրնայ ծառայել իբր ծրագիր Մեծ Պահքի համար։

Այսօր Բուն Բարեկենդանի տօնն է։ Եկեղեցին մեզի առիթ կու տայ ուրախանալու, եւ տօնախմբելու. առիթ մը՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, բոլոր բարիքներուն համար, որ մեզի շնորհած է եւ կը շնորհէ օր ըստ օրէ։ Ասոր համար է, որ կը կատարենք Ադամի դրախտ մտնելու յիշատակը։

Օրուան «Օրհնութեան» շարականին մէջ Հայ Եկեղեցին կու տայ տօնի խորհուրդը եւ կʼերգէ՝ «Այսօր նախաստեղծ Ադամի օրինակին համաձայն, որ հրեշտակներու հետ միասին դրախտի փափկութեան մէջ կʼուրախանար, մենք ալ ցնծանք հոգեւոր օրհնութիւններով։ Այսօր, աստուածաստեղծ նախահօր խորհուրդի յիշատակին, որ ճաշակելով դրախտի պտուղները կʼուրախանար, մենք ալ ճաշակենք Աստուծոյ պատուիրանները։ Այսօր առաջին պատմուճանին նման, որով առաջին մարդը պճնուելով կը զարդարուէր, մենք ալ զարդարուինք աստուածային օրէնքով։»

«Հարց» շարականը կը շարունակէ՝ «ուրախացիր Քրիստոսի եկեղեցի՝ փրկագործութեան տնօրէութեան համար, կոյսէն մարմնացողին համար։ Այսօր Ադամի որդիները կը ցնծան. որովեհետեւ Ան՝ դրախտի պահքին օրինակին համաձայն, յանձն կʼառնէ մամնով պահք բռնել։ Որովհետեւ առաջին Ադամը պտուղը ճաշակեց, այսօր՝ երկրորդ Ադամը կը զրկուի ճաշակելէ, որպէսզի քաւէ պարտքերը»։

Շարականներուն մէջ կը շեշտուի ուրախութիւնը, որ ոչ միայն այսօր՝ Բարեկենդանի տօնին մեզի պէտք է ընկերանայ, այլ ամբողջ Մեծ Պահքի շրջանին՝ ըստ Յիսուսի պատուէրին՝ «երբ պահք կը բռնես՝ օծէ գլուխդ, լուա երեսդ», (Մտթ Զ. 17) այսինքն դուն քեզ ուրախ պահէ, գոհ դէմքով, եւ զուարթ արտայայտութեամբ։ Այս ուրախութիւնը՝ Մեծ Պահքի շրջանին կը յայտնուի հոգեւոր ուրախութեամբ, սրտի մաքրութեամբ, ոչ թէ կերուխումով եւ այլ զուարճանքներով։ Զարդարուիլը կը կատարուի, ինչպէս շարականը մեզի  կը սորվեցնէ՝ «Աստուծոյ պատուիրաններով», «աստուածային օրէնքով»։

Արդ, Մեծ Պահքը «ժամն է արթննալու քունէ», (Հռոմ ԺԳ. 11) կոչ կʼուղղէ Պօղոս Առաքեալ։ «Մէկդի ձգեցէք խաւարի գործերը, եւ զգեստաւորուեցէք լոյսի զէնքով»։ (Հռոմ ԺԳ. 2) Ըստ Պօղոս Առաքեալի խաւարի գործերն են «անառակութիւն, արբեցութիւն, խառն անկողնի պղծութիւն, նախանձ, հակառակութիւն»։

Պօղոս Առաքեալ խօսքը կʼուղղէ նաեւ այն անհատներուն, որոնք պահք կը բռնեն, եւ կը մեղադրեն կամ կը դատեն ուրիշները, որոնք իրենց նման չեն կատարեր պահքի կանոնները։ Որովհետեւ ոչ թէ կերակուրը եւ ըմպելին են կարեւոր, այլ թէ ի՛նչ սրտով մարդ կը կատարէ պահքը կամ կʼապաշխարէ ծոմ բռնելով։ Եթէ սիրտն ու հոգին չենք մաքրեր, եթէ սիրոյ պատուիրանը չենք պահեր, ապա անիմաստ են պահքն ու մարմնական ճգնութիւնները։ Այսօրուան ընթերցուածին մէջ Առաքեալը յատկապէս կʼանդրադառնայ ուրիշները դատելու մեղքին վրայ։  Քրիստոնեայ հաւատացաելներ դիւրաւ կրնան այս փորձութեան մէջ սայթաքիլ։ Սակայն Աստուած՝ Ինքն է միակ դատաւորը։ Միայն Աստուած կը ճանչնայ թէ ինչ կը կատարուի անհատի մը սրտէն ու հոգիէն ներս։ Մեր պարտականութիւնն է «ընդունիլ այն անհատը, որ հաւատքի մէջ տկար է, առանց անոր հետ տարակարծութիւններու վրայ վիճելու», (Հռոմ ԺԴ. 1) «որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր եւ ըմպելի չէ, այլ արդարութիւն, խաղաղութիւն, եւ ուրախութիւն Սուրբ Հոգիով ... արդ ձգտինք խաղաղութեան եւ հասարակութեան կառուցման»։ (Հռոմ ԺԴ. 17-19)








All the contents on this site are copyrighted ©.